image

«Պէյրութի պայթումը ձեւով մը վերամիացուց ամբողջ հայութիւնը».Ամերիկահայ Շուշան Քեւրանեան

«Պէյրութի պայթումը ձեւով մը վերամիացուց ամբողջ հայութիւնը».Ամերիկահայ Շուշան Քեւրանեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ ՌԱԿ Ամերիկայի Արեւմտեան Ափի Շրջանային Վարչութեան եւ  «Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ»ի անդամ՝ Շուշան Քեւրանեան-Պաղպուտարեան

 

-Բաւական խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ, որպէս Ամերիկայի արեւմտեան ափի հայրենակիցներ, կարողացաք պատկառելի գումար մը հաւաքել Լիբանանի համար: Ինչպիսին էր ընդհանուր մթնոլորտը, ինչ կրնաք պատմել այդ մասին։

Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ 4 Օգոստոսին եղած աղիտալի պայթումը թեւաթափ ըրաւ Լիբանանի ժողովուրդը, անոնց հոգիները տագնապեցան եւ կեանքէն կառչած մնալու համար անոնք կը փնտռէին յոյսի գէթ մէկ նշոյլ, եւ մենք սկսանք այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանիլ:

Այս մէկը համաշխարհային նախաձեռնութիւն մըն է, եւ մեր բոլորին պարտականութիւնն է յոյս ներշնչել Լիբանանի ժողովուրդին եւ ամոքել անոնց հոգիները, ցոյց տալ, որ իրենց կարիքի ժամանակ մենք այստեղ ենք եւ պիտի շարունակենք իրենց ձեռքը ամուր բռնել: Մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ այսպիսի քանդումներ, կործանումներ տեսած է եւ շատ նման ողբերգութիւններ ապրած է եւ յաղթահարած է այդ բոլորը, շնորհիւ տարբեր կողմերէ մեզի ձեռք մեկնուած օգնութիւններուն:

Գալով այս թելեթոնին, ըսեմ, որ սա սովորական թելեթոն մը չէր, շատ մարդիկ կը զանգէին Ամերիկայի բոլոր նահանգներէն, Գանատայէն, աշխարհի չորս կողմէն եւ շատ զգացմունքային, յաճախ արցունքոտ երկխօսութիւն կ'ունենայինք եւ մենք ալ իրենց հետ կու լայինք, հեռաձայնին վրայ. անոնք կ'ուզէին իրենց օժանդակութիւնը տալ եւ ինչքանով որ կրնան օգնել Լիբանանի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն: Իսկապէս շատ յուզիչ եւ շատ սրտառուչ էր տեսնել, որ աւելի քան 300 000 մարդ մէկ վայրկեանուան մէջ դարձաւ անտուն եւ անոնց կեանքը շուռ եկաւ, եւ մեզի զանգող նուիրատուներու միակ փափաքն էր այդ տուժածներուն օգնութեան ձեռք մեկնել:

 

 

-Հաւաքուած գումարը անշուշտ նախաձեռնութիւնն էր Արեւմտեան Ամերիկայի «Համահայկական Խորհուրդ»ին, ինչպէ՞ս կը գնահատէք այդ խորհուրդին աշխատանքները:

Հազիւ լսեցինք Լիբանանի պայթումի լուրը, Արեւմտեան Ամերիկայի «Համահայկական Խորհուրդ»ը շտապ ժողով մը գումարեց խորհուրդին մաս կազմող բոլոր՝ քաղաքական կուսակցութիւններու, տարբեր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններու մասնակցութեամբ եւ որոշեց արագ քայլեր ձեռնարկել։ Չէինք կրնար սպասել եւ պէտք էր անյապաղ օգնութեան ձեռք մեկնել Լիբանանին:

Այդպիսով, մենք ստեղծեցինք HyeAid Lebanon էջը եւ մարդիկ անմիջապէս արձագանգեցին, սկսան մեզի գրել, զանգել, նամակ յղել, հարցնելով, թէ ինչպէս կրնան օգնել: Շատ յաջող նախաձեռնութիւն էր, պայթումը համախմբեց մեր ժողովուրդը, եւ միշտ այդպէս եղած է, երբ մեր ժողովուրդին մէկ հատուածը ցաւի մէջ է, բոլորս միասնական դարձած ենք, այս մէկը չափանիշ է: Եւ Աստուած օրհնէ բոլոր անոնց, որոնք ըլլայ նիւթապէս, կամ բարոյապէս ուզեցին օգնել՝ ինչքանով որ կրնան:

Մենք հաւաքեցինք մօտաւոր 1,5 միլիոն ԱՄՆ տոլար, որ Swiss Bank դրամատան միջոցաւ պիտի փոխանցուէր Լիբանան, եւ, ինչպէս մեզի ըսուեցաւ, փոխանցուած գումարը հազիւ հասնի, 9 տարբեր կազմակերպութիւններու հսկողութեամբ եւ անոնց կողմէ պիտի տնօրինուի եւ բաժնուի ամբողջ լիբանանահայութեան:

Գիտեմ, որ եղածը փոքր օգնութիւն մըն է եւ բաւարար չէ, բայց ինչքանով որ կրնանք պիտի օգնենք եւ մենք նպատակ ունինք շարունակելու այս գործը, վստահ ըլլալու համար, որ մեր քոյրերն ու եղբայրները կը գիտակցին, որ մենք միշտ իրենց կողքին ենք:

 

-Արդեօք մեր հայրենակիցներուն ապագան վտանգուած է Լիբանանի մէջ, Սուրիոյ մէջ եւ առհասարակ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ի՞նչ կարծիք ունիք այդ մասին:

Իմ անձնական կարծիքով, նկատի ունենալով այս օրերուն տարբեր տեղեր հայութեան դէմ եղած բոլոր յարձակումները, ինչպէս նաեւ Էրտողանի վարչակարգի եւ Ալիեւի ոտնձգութիւնները հայերուն դէմ, կը կարծեմ, որ ամէնէն ապահովը պիտի ըլլայ այն, որ Լիբանանի մեր ժողովուրդը տեղափոխուի Հայաստան եւ սկսի այնտեղ կառուցել իր ապագայ կեանքը, եւ ես կը յուսամ եւ կ'աղօթեմ, որ բոլոր հայերը, աշխարհի չորս կողմէն, երթան Հայաստան եւ վերակառուցեն մեր երկիրը եւ այն դարձնեն աւելի հզօր:

Գալով մասնաւորաբար Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան, ես որպէս Երուսաղէմ ծնած, մեծցած եւ այնտեղ երկար տարիներ ապրած հայ, ապա Գանատա տեղափոխուած եւ այժմ Լոս Անճըլըս ապրող, միշտ այն տպաւորութեան տակ եղած եմ, որ ուր որ արաբներ եւ հրեաներ կան, հոնկէ հեռու պէտք է մնալ: Հետեւաբար, կը կարծեմ որ ժամանակն է, որ մեր ժողովուրդը, պարզապէս ապահով ըլլալու համար, Լիբանանէն տեղափոխուի Հայաստան. մենք չենք կրնար այս բոլորը տեսնել եւ լուռ մնալ։ Մեր ժողովուրդը պէտք է իր խաղաղ եւ ապահով տեղը գտնէ եւ այդ տեղը պիտի ըլլայ Հայաստանը, մեր հայրենիքը: