image

Լիբանան այսօր երկու ծրագիրներու առջեւ է. Ֆրանսականը փոխանցման ծրագիր է, իսկ ամերիկեանը մտահոգիչ եւ վտանգաւոր. Տօքթ. Ռաֆֆի Փօլատեան

Լիբանան այսօր երկու ծրագիրներու առջեւ է. Ֆրանսականը փոխանցման ծրագիր է, իսկ ամերիկեանը մտահոգիչ եւ վտանգաւոր. Տօքթ. Ռաֆֆի Փօլատեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  լիբանանահայ բժիշկ ՝ Տօքթ. Ռաֆֆի Փօլատեան.


- Կիրակի օր տեղի ունեցաւ Լիբանանի նոր վարչապետի նշանակումը։ Ձեր կարծիքով, եղածը քաղաքական ինչ-որ արտաքին համաձայնութեան արդի՞ւնք է: 


Ինչպէս գիտէք, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ երեսփոխաններու 90 քուէներով Մուսթաֆա Էտիպ նշանակուեցաւ Լիբանանի վարչապետ: Եղածը արդիւնք էր իրանեան, լիբանանեան եւ ֆրանսական համաձայնութեան մը, որուն նկատմամաբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն արտաքին գործոց նախարարութիւնը որդեգրեց չէզոք մօտեցում մը։

 

- Ըստ հնչող կարծիքներու, լիբանանեան խնդրին լուծման առընթեր կան երկու տարբերակներ, մէկը՝ ֆրանսական, միւսը՝ ամերիկեան, ի՞նչ է տարբերութիւնը եւ ինչքանո՞վ յոյս կայ, որ Ֆրանսայի կողմէ առաջ քաշուած ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուի:


Այսօր ոչ մէկուն համար գաղտնիք է, որ, լիբանանեան խնդրի լուծման ֆրանսական մօտեցումը կը տարբերի ամերիկեանէն: Ֆրանսական մօտեցումը այն է, որ սկզբնական շրջանին ստեղծուի փոխանցման կառավարութիւն, որ հաւանաբար չէզոք բեւեռներու  եւ արհեստավարժ գործիչներու (թէքնոքրաթ) «առաքելութեան կառավարութիւն» մը ըլլայ (ինչպէս ինք՝  նախագահ Մաքրոն ըսաւ)։ Այդ կառավարութեան մաս կազմողներէն 20 անուններ արդէն յայտնի են, իսկ 1-2 անուն ալ պէտք է առաջարկեն Նախագահը եւ Պաշտպանութեան նախարարը, եւ կազմուելիք «առժամեայ» կառավարութիւնը 6 ամիս անցումային շրջանէ մը ետք պէտք է կազմակերպէ երեսփոխանական արտահերթ ընտրութիւններ, որմէ ետք ալ հիմը պիտի դրուի քաղաքական նոր վարչակազմի: Ի տարբերութիւն ֆրանսական ծրագրին, ամերիկեան ծրագիրը կ'ըսէ, թէ քաղաքական հարթակի բոլոր հին դէմքերը պէտք է դուրս մնան եւ նոր կառավարութեան մաս կազմեն ժողովուրդի պահանջով մէջտեղ եկած նոր գործիչներ: Ամերիկեան ծրագրին հետեւանքով երկիրը կրնայ սայթաքիլ եւ ուղղուիլ դէպի քաղաքական անհանդարտութիւն, ընդհուպ մինչեւ՝ զինեալ քաղաքացիական պատերազմ, իսկ Ֆրանսական տարբերակին մէջ մենք կը տեսնենք աւելի անվտանգ, եւ աստիճանաբար իշխանութեան «հեզասահ փոխանցում» մը, սակայն ինչքանո՞վ այդ մէկը կը յաջողի, տակաւին չենք գիտեր:

 

- Շատեր կ'ըսեն, որ Ֆրանսայի նախաձեռնութիւն Միջին Արեւելքին մէջ նաեւ «կարմիր քարտ» է Թուրքիոյ օսմանեան նկրտումներուն: Ինչքանո՞վ ճիշդ է այդ մօտեցումը, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին:


Միջին Արեւելքի մէջ Ֆրանսայի միջամտութիւնը, այո՛, նաեւ կարմիր քարտ է թրքական նկրտումներուն, քանի որ 4 օգոստոսի պայթումի ժամանակ, երբ թրքական օգնութեան նաւերն ու օդանաւերը պիտի ուղղուէին դէպի Լիբանան, ֆրանսական «ձեռք մը» արգիլեց, որ այդ մէկն իրականացուի։ Նաեւ չմոռնանք, որ այսօր Արեւելեան Միջերկրականին մէջ թուրքերը ոտնձգութիւններ կը կատարեն, ինչպէս նաեւ խառնակիչ դերով հանդէս կու գան Լիպիոյ մէջ, օգտուելով Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի տարակարծութիւններէն: Այսօր Ֆրանսան եւ Իտալիան, Յունաստանի եւ Կիպրոսի հետ գործակցելով կը փորձեն դէմ դնել Արեւելեան Միջերկրականին մէջ Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն եւ այս բոլորին կողքին չմոռնանք նաեւ, որ Ֆրանսան Լիբանանի մէջ իր ոտքերը ամրացնել ստանալով նոյնիսկ Ռուսաստանի «լուռ» հաւանութիւնը, եւ արժանանալով Իրանի բարեացակամ մօտեցման։

Ասոր դիմաց Թուրքիա կը փորձէ Ամերիկայի բաց թողած տեղը լեցնել իր օսմանեան ծրագիրով, սակայն վստահ եմ, որ շրջանի երկիրներէն որեւէ մէկը այդ ոտնձգութիւններուն առիթ պիտի չտայ, եւ այս վիճակը կրնայ մինչեւ ռազմական բախումներու վերածուիլ։