image
Հրատապ լուրեր:

Բողոքի ցոյցեր Պէյրութի մէջ. Կան 20 վիրաւորներ (Տեսանիւթ)

Բողոքի ցոյցեր Պէյրութի մէջ. Կան 20 վիրաւորներ (Տեսանիւթ)

 «Մեծն Լիբանանի բողոքը» խորագրին տակ հարիւրաւոր ցուցարարներ այսօր հաւաքուեցան Պէյրութի կեդրոնական հատուածին մէջ փորձելով մուտք գործել երկրի խորհրդարանի շէնքը։

 

 Աւելի ուշ տեղի ունեցան բախումներ եւ ապահովական մարմիններ փորձեցին վերահսկողութեան  տակ առնել իրավիճակը։Բախումներուն հետեւանքով գրանցուեցան վիրաւորներ եւ ըստ Լիբանանի «Կարմիր խաչ»ի մէկ բանբերին վիրաւորներուն թիւը հասած է 20-ի։

 

 Կը նշուի նաեւ, ցուցարարներուն մէկ մասը կը բողոքէ Ֆրանսայի միջնորդութեամբ վերջերս իրականացուած վարչապետի նշանակման դէմ յայտարարելով, որ Լիբանանի քաղաքական վերնախաւի բոլոր ներկայացուցիչները պէտք է հեռանան։

 Յիշեցնենք, որ բողոքի ցոյցերը կը զուգադիպին Ֆրանսայի նախագահ Էմաննուէլ Մաքրոնի Լիբանան տուած այցելութեան, որուն հիմնական նպատակն է տագնապէն դուրս երկիրը։