image

Արցախի կողմէ Լիբանանի յատկացուած նիւթական օժանդակութիւնը հասած է Անթիլիաս

Արցախի  կողմէ Լիբանանի յատկացուած  նիւթական օժանդակութիւնը    հասած է Անթիլիաս

Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ՝ Կարօ Քէպապճեանը Պէյրութի մէջ հանդիպած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին հետ։ 

 

Հանդիպման գլխաւոր նպատակն էր, Արամ Առաջին Վեհափառի հովանաւորութեամբ գործող՝ Լիբանանի հայկական համայնքային բոլոր կառոյցները ընդգրկող յանձնախումբին փոխանցել Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի յանձնարարականով՝ Արցախի կառավարութեան կողմէ լիբանանահայութեան յատկացուած 25 միլիոն ՀՀ դրամի չափով դրամական օգնութիւնը։

 

Նոյն օրը Կարապետ Քապապճեանը Լիբանանի ազգային առաջնորդարանին մէջ հանդիպում ունեցած է Լիբանանի հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդներուն հետ։ Հանդիպման ընթացքին Կարապետ Քապապճեան նշած է, որ Արցախի համար դժուար ժամանակներուն Լիբանանի հայ համայնքը մշտապէս սատար կանգնած է արցախահայութեան եւ այժմ Արցախն է, որ օգնութեան ձեռք կը մեկնէ լիբանանահայութեան՝ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած աղիտալի պայթիւնի հետեւանքներու վերացման օժանդակելու համար։

 

Լիբանանի հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդներու կողմէ շնորհակալական խօսք  առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ՝ Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանը՝ նշելով, որ Արցախի կողմէն տրամադրուած ֆինանսական աջակցութիւնը աւելին է, քան պարզապէս դրամական օգնութիւն. ան ուժ եւ կորով կը ներշնչէ լիբանանահայութեան։

 

Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբեկեանը։

 

Լուրը՝ Արցախի  Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան լրատւական բաժնէն։