image

Երեքշաթի Պէյրութ հասնող նախագահ Մաքրոն առաջինը պիտի այցելէ Ֆայրուզին

Երեքշաթի Պէյրութ հասնող նախագահ Մաքրոն առաջինը պիտի այցելէ Ֆայրուզին

Երեքշաբթի օր Լիբանան ժամանող Ֆրանսայի նախագահ Էմաննուէլ Մաքրոն առաջինը այցելութիւն պիտի տայ արաբական աշխարհի մեծ տաղանդ եւ լիբանանցի տիվա՝ Ֆէյրուզին։

 

Այս մասին առաջինը գրած է Փարիզ հաստատուած լրագրող՝ Ռիքարտո Քարամ։

Քարամ նաեւ ըսած է, որ Մաքրոն Պէյրութ ժամանելէն անմիջապէս ետք պիտի ուղղուի Ռապիյէ շրջանին մէջ գտնուող Ֆայրուզի տունը եւ հանդիպի վերջինիս հետ։

 Ֆրանսական աղբիւրներ, որ նոյնպէս այս մասին լուր տարածած են ըսած են, որ Մաքրոն Ֆէյրուզի հետ հանդիպումը ունի խորհրդանշական իմաստներ, այն առումով որ երգչուհին կը համարուի անխտիր բոլոր լիբանանցի ժողովուրդին միասնութեան խորհրդանիշը։

 

 Յիշեցնենք, որ Ֆէյրուզի անունը մեծ յարգանք կը վայելէ ֆրանսայի մշակութային շրջանակներուն համար, որոնք տարբեր առիթներով առիթն ունեցած են վայելելու Լիբանանցի աստղին Փարիզեան ելոյթները։

 

 Պէտք է նաեւ նշել, որ Ֆէյրուզ իր ադամանդեայ ձայնով, կերպարով եւ բեմական կեցուածքով կը համարուի արաբական աշխարհի բարեացակամութեան եւ Լիբանանի խաղաղութեան ու խաղաղասիրութեան ձայնը։