image

«Հալէպի հայկական շրջանակներուն զգուշաւորութիւնը «Քովիտ»ի հարցով սկսած է դրական արդիւնքներ տալ» Հալէպահայ բժիշկ

«Հալէպի հայկական շրջանակներուն զգուշաւորութիւնը «Քովիտ»ի հարցով սկսած է դրական արդիւնքներ տալ» Հալէպահայ բժիշկ

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ բժիշկ Հրաչ Տիրարեան.

 

-«Քորոնա» վարակի խնդրով ինչպիսի՞ն է իրավիճակը ներկայիս Հալէպի մէջ:


Հալէպի մէջ «Քորոնա» ժահրը բռնկման վիճակի մէջ է եւ՝ շատ տարածուած: Պատճառն այն է, որ ժողովուրդը քիչ մը անիրազեկ է, չեն պաշտպանուիր եւ պէտք եղած կարգադրութիւնները չեն եղած Հալէպի մէջ:

 

-Հայկական շրջանակներուն համար ի՞նչ են առաջնահերթութիւնները, պէտքերը, որ կարողանայ պայքարիլ այս վարակին դէմ:


Հայկական միջավայրին մէջ, կրնամ ըսել, որ նոյնպէս շատ վատ է, հայերուն մէջ ալ բաւական տարածուած է. ի հարկէ քանի մը մահ ունեցանք, եւ այդ մահերուն մէջ, դժբախտաբար, կան երկու հայ բժիշկներ, կան նոյնիսկ երիտասարդ տղաք եւ աղջիկներ:

Մահերու պատճառն այն է, որ բուժման միջոցները եւ հիւանդանոցային պայմանները Հալէպի մէջ չեն ներեր, որպէսզի ժողովուրդը պէտք եղած բուժում ստանայ: Այսօր նոյնիսկ սեփական հիւանդանոցները իրենց դռները բացին, որպէսզի «Քորոնա»ով հիւանդները ընդունին եւ բուժեն: Իհարկէ վերջնական բուժում մը չկայ, բայց ձեւով մը օգտակար կը դառնան:

Իսկ մեր հայկական շրջանակները հիմա նոր սկսած են բաւական զգուշութիւն դրսեւորել եւ այդ զգուշութիւնը կարծես թէ բաւականին օգտակար եղաւ մեր ժողովուրդին:

 

-Շատեր մտավախութիւն կը յայտնեն դպրոցներու բացումին վերաբերեալ, դուք որպէս բժիշկ, ինչպէ՞ս կը դիտարկէք դպրոցներու բացումը, ինչպէ՞ս պէտք է շարժիլ համավարակի այս պայմաններուն տակ:


Դպրոցներու վերամուտը նախատեսուած էր 1 սեպտեմբերին, անշուշտ, այդ մէկը շատ սխալ պիտի ըլլար եւ ատոր համար ժողովուրդը առաջարկ ներկայացուց Ազգային առաջնորդարանին (որովհետեւ այստեղ հայկական դպրոցներուն մեծ մասը կը գործէ Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի հովանիին ներքոյ), որ յետաձգուի եւ յետաձգուեցաւ մինչեւ 14 սեպտեմբեր:

 

-Ձեր ունեցած տուելաներով, համավարակը ե՞րբ կրնայ նահանջել Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մէջ, ի՞նչ են նախադրեալները:


Տուեալները այն են, որ հիմա, այս երկու օրը «Քորոնա» ժահրի վիճակը նահանջի մէջ է՝ 10-20 առ հարիւրով, բայց տակաւին վարակուողներու թիւը շատ է Հալէպի մէջ եւ ժողովուրդը պէտք եղած պաշտպանութիւնը չապահովէր, այնպէս որ դժուար է այս վիճակին մէջ:

Համավարակի նահանջը ապահովելու եւ ձեւով մը առաջքը առնելու համար ներկայիս արդէն արգիլուեցան հաւաքները, սրճարանները, հարսանիքները, թաղումները:

Այսօրուայ տուելաներով, համալսարանի տնօրէնին հետ խօսեցայ եւ ըսաւ, որ բաւական նահանջ կայ եւ հիւանդանոցին մէջ բաւական անկողիններ արդէն ազատուած են հիւանդներէ:

 

-Որպէս Հալէպի մէջ գործող բժիշկ, ի՞նչ ունիք ըսելիք մեր ընթերցողներուն եւ ամբողջ հայութեան եւ մանաւանդ Հալէպի վիճակով հետաքրքրուած հայրենակիցներուն:


Կ'ուզեմ ըսել, որ շնորհակալ ենք՝ անգամ մը եւս հայութեան ուշադրութեան կեդրոնը ըլլալու համար: Գիտենք, որ ՀՀ կառավարութիւնը իր հերթին օգտակար դարձած է Դամասկոսի հայութեան, 300 հայ ընտանիքի նիւթական օժանդակութիւն մը ուղարկած է, Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Արմաշ եպս.ի ճանապարհով:

Հալէպի հայութիւնը եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի հայութիւնը նաեւ շատ ուրախ է, որ Հայաստանի մէջ կրցած են որոշ չափով վարակի տարածումը կասեցնել, իհարկէ այդ մէկը մեծ աշխատանքի արդիւնք է, որ առաջ տարուեցաւ Առողջապահութեան նախարարութեան եւ վարչապետ Փաշինեանի միջոցաւ։