image
Հրատապ լուրեր:

«Քորոնա»ի Տագնապ. Լիբանան յայտնուած է ծանր վիճակի մէջ. Հրաժարեալ Վարչապետ Տիապ

«Քորոնա»ի Տագնապ. Լիբանան յայտնուած է ծանր վիճակի մէջ. Հրաժարեալ Վարչապետ Տիապ

Լիբանանը «Քորոնա» ժահրի համաճարակի վերահսկողութիւնը կորսնցնելու վտանգի առաջ է՝ Պէյրութի մէջ 4 օգոստոսի  պայթումէն ետք դէպքերու աճի պատճառով: Այս մասին յայտարարած է վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապը, կը յայտնէ Reuters-ը:

Բժիշկներու խօսքերով՝ պայթումէն երկու շաբաթ անց դէպքերու թիւը կրկնապատկուած է, քանի որ վարակը տարածուած է այն հիւանդանոցներուն մէջ, ուր տուժածները բուժում ստացած են:

«Դէպքերու թիւը զգալիօրէն կ'աճի, եւ եթէ այն շարունակուի, մենք պիտի կորսնցնենք վերահսկողութիւնը այս համաճարակին վրայ»,- ըսուած է Տիապի յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակած է Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը:

26 Օգոստոսին Լիբանանի մէջ գրանցուած է COVID-19-ով վարակման 557 նոր դէպք եւ մէկ մահ: Նախօրէին գրանցուած էր մահուան մրցանշային թիւ՝ 12 մարդ:

Լիբանանի ժամանակաւոր կառավարութեան առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանը յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է բարձրացնել հիւանդանոցներու կարողութիւնները՝ հիւանդութեան աճին դէմ պայքարելու համար:

Անցեալ ուրբաթ կառավարութիւնը մասնակի քարանթին սահմանած էր: Բայց սահմանափակումները, ներառեալ պարէտային ժամը, դեռ թոյլ կու տան մաքրել աղբը, վերանորոգում կատարել եւ օգնութիւն ցուցաբերել պայթումէն տուժած տարածքներուն: