image

Սեւրի Դաշնագրի 100-ամեակին առիթով Ս.Դ.Հ.Կ.-Հ.Յ.Դ.-Ռ.Ա.Կ. միացեալ յայտարարութիւն

Սեւրի Դաշնագրի 100-ամեակին առիթով Ս.Դ.Հ.Կ.-Հ.Յ.Դ.-Ռ.Ա.Կ. միացեալ յայտարարութիւն

Այսօր կը լրանայ Դաշնակիցներու եւ Թուրքիոյ միջեւ խաղաղութեան՝ Սեւրի Դաշնագիրի ստորագրութեան հարիւրամեակը։

Սեւրի Դաշնագիրը միակ դաշնագիրն է, որ ստորագրուած է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ, հայկական կողմի ազա՛տ կամքով։ Սեւրի դաշնագիրը ոչ միայն Թուրքիան կը ճանչնայ որպէս պատասխանատու նախօրէին անոր գործադրած պատերազմի օրէնքներու դէմ ոճիրներուն համար, ոչ միայն Թուրքիայէն կը պահանջէ քայլեր՝ այդ ոճիրին գործադրութեան անմիջական մասնակիցները պատժելու գործընթացները դիւրացնելու համար, ոչ միայն Թուրքիայէն կը պահանջէ չեղեալ ու առ ոչինչ հռչակելու 1915-ին որդեգրուած «Լքեալ գոյքերու» վերաբերեալ օրէնքն ու յաւելուածները եւ անհատական թէ համայնքային սեփականատէրերուն վերադարձնելու բռնագրաւուած բոլոր կալուածները, այլ նաե՛ւ իրաւական հիմք կու տայ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը ճշդելու համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընին կատարուած իրաւարարութեան դիմումին։

Անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին, Թուրքիան շարունակեց եւ կը շարունակէ ուրանալ մարդկութեան դէմ իր գործադրած ոճիրը՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, խուսափեցաւ եւ կը շարունակէ խուսափիլ որպէս յանցագործ իր պատասխանատուութենէն ու պարտաւորութիւններէն, Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ 1991 թուականէն սկսեալ որդեգրած է թշնամական վերաբերմունք, իսկ վերջին օրերուն սաստկացուցած է Հայաստան-Արցախի եւ ընդհանրապէս հայութեան դէմ իր հռետորաբանութիւնը եւ ռազմական հաւանական ոտնձգութիւններու նախապատրաստութիւնը։

Սեւրի դաշնագիրը վաւերական միջազգային պայմանագիր է, թէեւ չէ վաւերացուած բոլոր ստորագիր կողմերուն կողմէ, բայց նաեւ իրաւականօրէն չէ փոխարինուած այլ միջազգային փաստաթուղթով։ Առնուազն Հայ Դատի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ազգի իրաւունքներու տեսանկիւնէն կը շարունակէ մնալ միջազգային օրէնքի վրայ հիմնուած պարտամուրհակ։

Առաւել՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի 22 Նոյեմբեր 1920-ին հրապարակուած իրաւարար վճիռը կը շարունակէ մնալ Հայաստան-Թուրքիա իրաւական սահմանը գծող միջազգային միակ փաստաթուղթը։

Սեւրի դաշնագրին ստորագրութենէն 100 տարի ետք, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կը շարունակէ թշնամական տրամադրութիւն ցուցաբերել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան հանդէպ: Մինչեւ Սեւրի հաշտութեան պայմանագրին մէջ տեղ գտած միջազգային իրաւունքի նախադրեալներ կազմող կէտերուն վրայ հիմնուած Թուրքիոյ պարտաւորութիւններուն ամբողջական կատարումը, Թուրքիան պարտաւոր է՝

ա) Դադրեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան 27-ամեայ անօրինական ցամաքային շրջափակումը.
բ) Դադրեցնել յատկապէս վերջին շրջանին Հայաստանի դէմ ուղղուած իր ռազմատենչ քայլերը.
գ) Դադրեցնել իր ընդհանրապէս հակահայ քաղաքականութիւնը Թուրքիայէն ներս – ներառեալ մեր պատմական ու բռնագրաւուած հողերուն վրայ – թէ դուրս – Ցեղասպանութեան հետեւանքով ձեւաւորուած հայկական գաղութներուն դէմ։

Համոզուած ենք, որ պիտի գայ օրը, երբ որպէս Հայկական Ցեղասպանութեան հեղինակ եւ պատասխանատու, Թուրքիան պիտի կրէ իր պատասխանատուութիւնը եւ պիտի հատուցէ հայ ժողովուրդին բոլոր կորուստները։

Կը յայտարարենք, որ ինչպէս անցեալին, ապագային եւս մենք – հայկական քաղաքական այլ ուժերու եւ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան հետ գործակցաբար – պիտի շարունակենք մեր պայքարը մինչեւ պատմական արդարութեան վերականգնումը։

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրօ
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն

10 Օգոստոս 2020