image
Հրատապ լուրեր:

Չեմ կարծեր, որ «Քորոնա» վարակի նոր բռնկում պիտի ըլլայ. Տօքթ. Վազգէն Պերղուտեան

Չեմ  կարծեր, որ «Քորոնա» վարակի նոր բռնկում  պիտի ըլլայ. Տօքթ.  Վազգէն  Պերղուտեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Երեւան հաստատուած հալէպահայ բժիշկ Վազգէն Պերղուտեան:

 

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք «Քորոնա»  համավարակի  ընդհանուր իրավիճակը Հայաստանի մէջ: Շատ քննադատութիւններ կ'ըլլան, ի՞նչ է ձեր կարծիքը: 

Նախ ըսեմ, որ իմ կարծիքս, որպէս վիրաբոյժ, թերի պիտի ըլլայ, որովհետեւ ես անմիջական շփում չունիմ հիւանդներուն հետ, բայց աշխատելով «Գր. Նարեկացի» բժշկական կեդրոնին մէջ, որ ունի բաւականին ծաւալուն  բժշկական  կեդրոն (փոլիքլինիքա), համալրուած համարեա բոլոր մասնագիտութիւններով, մեր մօտ ալ յայտնաբերուեցան բաւականին մեծ թիւով հիւանդներ, տասնեակ թոքաբորբ ունեցողներ, որոնց ես ականատես եղայ: Այդ հիւանդներուն մէկ մասը կ'ուղարկուէին կեդրոն, քննութիւն յանձնելու, եւ հաստատուելու պարագային, ըստ հիւանդութեան ծանրութեան, կը տեղափոխուէին համապատասխան բաժանմումք:

Մէկ յստակ բան կ'ուզեմ ընդգծել, ժխտելու համար այն բոլոր կարծիքները, թէ «Քորոնա» չկայ, կամ որ այն սովորական հարբուխի նման վարակ է, այդպէս չէ՛, «Քորոնա»ն իրեն յատուկ երեւոյթները ունի, յատկապէս թոքաբորոբի պատկերը, որ յատուկ է միայն այդ հիւանդութեան:

Գալով առողջապահութեան համակարգի աշխատանքի գնահատման, կրնամ ըսել դրական է, որ այսքան մեծ աշխատանք տարուած  է, սա պէտք չէ անտեսել, սակայն եղան նաեւ կազմակերպչական որոշ թերացումներ, յատկապէս այն հիւանդներու նկատմամբ, որոնք կասկածելի էին, եւ մինչեւ անոնց հետազօտելը եւ հաստատուիլը 3-4 օր կ'անցնէր, որոնց վիճակը մինչ այդ կը վատանար, մինչ այդ գործընթացը կարելի էր աւելի արագ ընել: Սակայն այդ թերացումներն ալ ձեւով մը արդարանալի են, կրնայ ըլլալ հիւանդներու մեծ քանակը խանգարեց այդ կազմակերպչական հարցերու լուծման, յատկապէս, որ շատ մը բուժաշխատողներ, ամենօրեայ շփում ունենալով հարիւրաւոր վարակակիրներու հետ, իրենք եւս  հիւանդացան եւ գործը կաղաց:

Այս թերացումը հաստատելու համար  կ'ուզեմ Հայաստանի պարագան համեմատել օրինակ Քաթարի հետ, ուր, ըսենք, բժշկական մակարդակը բաւականին բարձր է եւ նիւթապէս ապահովուած երկիր է. ըստ եղած տուեալներուն, Քաթարի մէջ ժողովուրդի մօտ 4 տոկոսը վարակուած է, իսկ Հայաստանի մէջ 1 տոկոսն է վարակուած, սակայն այդտեղ մահացութեան տոկոսը շատ աւելի ցած է, որովհետեւ վստահ եմ այնտեղ ջանք չի խնայուիր, աւելի   կազմակերպուած մօտեցում կը ցուցաբերուի, յատկապէս որ անոնց բժշկական քատրերը  օտարներ են՝ փաքիստանցի, հնդիկ, սուրիացի, եգիպտացի, որոնք ալ ստիպուած են գերազանց աշխատիլ, որպէսզի չկորսնցնեն իրենց աշխատանքը: Ասի փոքր համեմատութիւն մըն էր Քաթարի եւ Հայաստանի միջեւ, բայց ուրիշ շատ երկիրներ  ալ  կան ԱՄՆի նման, ուր մահացութեան տոկոսը աւելի մեծ է, բայց կը կարծեմ, որ այդտեղ ուրիշ նպատակներ հետապնդուած են, մահացութեան տոկոսը յատուկ ուռճացուած է...։

 

-Վերջին թիւերը ցոյց կու տան, որ վարակը սկսած է նահանջել, իրապէ՞ս այդպէս է, ի՞նչ է ձեր տեսակէտը:

Կը կարծեմ որ գալիքի մասին խօսելէ առաջ, պէտք է նախկինին անդրադառնալ: Նախքան մարտ ամիսը քանի-քանի դէպքեր եղան, որպէս վիրուսային թոքաբորբ, որոնք մեր բուժկէտերուն  մէջ բուժեցինք, սերոմ դնելով, քորթիզոն, անթիպայոթիքներ տալով, երբեմն ալ հիւանդանոց ուղարկելով, եւ այսօր մեծ կասկած կայ, որ այդ հիւանդները «Քորոնա» ժահրով վարակուած էին, եւ որ այս ժահրը սկսած էր մեր մօտ մարտ մէկէն շատ աւելի շուտ, անցեալ տարուայ վերջէն:

Երկրորդ իրականութիւն մըն ալ կայ. ինչ որ կը յայտարարուի վարակուածներու թիւերուն  մասին, եւ որ շատեր այդ մասին կ'ըսեն սուտ է, թիւերը ուռճացուած են, ես կ'ըսեմ հակառակը, ներկայացուած թիւերը, այսինքն 37 000 վարակուած ունենալը այս 4 ամսուան ընթացքին, իսկական թիւին մէկ մասնիկն է, ես կը կարծեմ, որ հիւանդացողներու իսկական թիւը ներկայացուած թիւի քառապատիկ, հնգապատիկն է, եւ այն հիւանդները, որոնք վարակուած են առանց որեւէ գանգատ կամ ախտանշան ունենալու, երեւի քսանապատիկն է. այլ խօսքով, մենք 37 000  վարակակիր չէ որ ունինք, այլ կէս միլիոնէն մինչեւ մէկ միլիոն վարակակիր ունեցած ենք, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք նախքան համավարակի սկսիլը հիւանդացողները, որ հնարաւոր է «Քորոնա» եղած ըլլան: Եւ անշուշտ ժողովուրդէն մաս մըն ալ կայ, որ ստացած էր սրսկում՝ տարբեր կրիփներու դէմ, եւ կրնայ ըլլալ դիմադրողութիւն ձեռք բերած ըլլալնուն համար չհիւանդացան: Հետեւաբար, կասկածէ վեր է, որ այս թիւերը պիտի պակսին յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին:

 

-Համավարակներու պատմութիւնը նորութիւն չէ աշխարհի մէջ եւ տարբեր տարիներու ընթացքին մեծ եւ մահաբեր համավարակներ գրանցուած են, սակայն «Քորոնա»ն կարծես թէ ունի ուրիշ առանձնայատկութիւններ, այնքան տարբեր միւս հիւանդութիւններէն, որ կարողացաւ ամբողջ աշխարհը անդամալուծել, այդ մէկը ձեզի մտածել կու տա՞յ, որ այս վարակի ետին ինչ-որ «մութ» ուժեր կան:

Անշուշտ համաշխարհային ԶԼՄ-ներու լրատւութեան մէջ շատ խօսուեցաւ «Քորոնա»ի տարածման ետին գաղտնի ուժերու   ունեցած  ներդրումին մասին, այդ լուրերը չենք կրնար հերքել կամ հաստատել, մինչեւ որ շօշափելի փաստեր չտեսնենք, բայց, իմ կարծիքով, իրականութիւն մը կայ որ կը խօսուի, եւ այսպէս ըսած, առանց կրակի ծուխ դուրս չի գար: Կան այդպիսի երեւոյթներ, եւ կայ, ես կը կարծեմ, մահացութեան թուաքանակի ուռճացում, յատկապէս եւրոպական երկիրներու մէջ, նկատի ունենալով որ այդ երկիրներու ղեկավարները, շատ հնարաւոր է, կապ ունենան կամ համագործակցած ըլլան այդ ուժերուն հետ:

 

-Կայ հաւանականութիւն, որ յառաջիկայ աշնան վարակը դարձեալ թէժանայ, համաձա՞յն էք այդ միտքին, եթէ՝ այո, ինչո՞ւ:

Դժուար թէ այս «Քորոնա» ժահրի նոր բռնկում մը ծագի եւ եկող աշնան բռնկի: Ես կը կարծեմ, ուրիշ «Քորոնա» մը կամ ուրիշ տեսակի վիրուս մը կրնայ առաջ գալ, այդ ալ  վերը մեր նշած մութ ուժերու կողմէն, որ շատ հնարաւոր է:

 

-Ժողովուրդի որոշ հատուածին մօտ թերահաւատութիւն կայ հակահամաճարակային կանոններուն հետեւելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ , ի՞նչ կարծիք ունիք այդ մասին:

Ժողովուրդի թերահաւատութիւնը ձեւով մը կու գայ համաշխարհային մետիա հարթակներէն իրենց կարդացած եւ լսած նիւթերէն, յատկապէս որ  մեծ թիւով բժիշկներ եւս կը խօսին, օրինակ՝ դիմակ կրելու օրէնքը կիրառելու ծայրայեղութեան մասին, թէ՝ բացօթեայ տարածքներուն մէջ ի՞նչ պէտք  կայ այն օգտագործելու, կամ հեռատեսիլի կայաններու հաղորդավարները ի՞նչ պէտք ունին իրենց ընդարձակ տաղաւարներուն մէջ դիմակ կրելու, մանաւանդ երբ մէկ կամ երկու հոգի են այնտեղ. ճիշդ է որ ժողովուրդին քաջալերելու համար է այդ բոլորը, բայց կարծես ժողովուրդին մօտ հակառակ ազդեցութիւն կը ձգէ այդ չափազանցուածութիւնը:

Ամենայն դէպս, ես քննադատաբար կը մօտենամ ժողովուրդի այն հատուածին, որ անհոգ է եւ միայն իր մասին կը մտածէ, յատկապէս երիտասարդութիւնը եւ տարիքով մեծերը, որոնք բազմաթիւ հիւանդութիւններ ունենալով հանդերձ, կը նստին իրար հետ նարտի կը խաղան, նոյն իրերը կը բռնեն, եւ այդ ընթացքին ալ դիմակը ձեւական կը կրեն, կզակէն կախած եւ այլն: Պէտք է աւելի լուրջ վերաբերիլ, ընկերային հեռաւորութիւնը  պահպանել, յատկապէս փակ եւ խճողուած տարածքներուն մէջ անպայման քիթը փակած դիմակ կրել: Կարծես օրէնքը ճիշդ պահպանելու  համար պէտք է դասընթացքէ անցնին մարդիկ, շատեր ընդհանրապէս գաղափար չունին հականեխման մասին, ձեռնոցի ճիշդ օգտագործման մասին. երեւոյթներ կան, որոնք տգիտութեան հետեւանք են եւ մաքրութեան կանոնները ճիշդ կիրառել չգիտնալը ցոյց կու տան:

Վարակի  մահացութեան դէպքերով Հայաստանը այսօր աշխարհի քառորդ միլիոնէ աւելի երկիրներուն մէջ 7-րդ տեղը կը գրաւէ, որ շատ ցաւալի է, ինչո՞ւ այդպէս եղաւ մեր մօտ, ուրկէ՞ եղաւ այդքան մեծ թիւերը եւ արագ տարածումը, եթէ ընդամէնը մի քանի հոգի վերադարձան եւ վարակը բերին. երեւի մաքրութեան պակասն էր: Հնդկաստանի նման երկրի մը մէջ, ուր մարդիկ  քով քովի կը նստին, նոյն ջուրին մէջ թէ՛ կը լողան, թէ՛ ջուր կը խմեն, ինչո՞ւ թիւը այդքան քիչ է, եւ մեր մօտ այդքան տարածուած, այս փաստը ցաւալի է անշուշտ:

Դեռ աւելի այպանելին, որ շատ շատեր գաղտնի պահած են իրենց վարակուիլը, մեկուսացած են, կամ ալ յաճախ չեն մեկուսացած, որ իսկապէս մեզի ոչ վայել, ամօթալի վարք է, մինչդեռ հարկ էր առաջին ախտանշանները զգալուն պէս իսկ, իրենց հետ վերջին շրջանին շփում ունեցած մարդոց զգուշացնել այդ մասին: