image
Հրատապ լուրեր:

«Լիբանանահայութեան հարցը պէտք է դառնայ համահայկական օրակարգ»Լ իբանան ապրող ՀՀ քաղաքացի ՝Վարդուհի Լալայեան

«Լիբանանահայութեան   հարցը  պէտք է դառնայ համահայկական  օրակարգ»Լ իբանան ապրող  ՀՀ քաղաքացի ՝Վարդուհի Լալայեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Լիբանան   ապրող ՀՀ քաղաքացի   Վարդուհի Լալայեան:


-Ներկայիս  Պէյրութի մէջ ի՞նչ են էական հիմնախնդիրները, եւ արդեօ՞ք  առկայ վիճակը կրնայ երկիրը տանիլ սովի։


Պէյրութի մէջ եղած էական հիմնախնդիրները ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ ընկերային, ե՛ւ քաղաքական խնդիրներ են: Երկիրը դեռ տարիներ շարունակ կը տառապի, իսկ վերջին շրջանին առաւել շատ, քանի որ անգործութիւն կը տիրէ, սղութեան մեծ աճ կը նկատուի, ամերիկեան տոլարը ահաւոր մագլցումներ կ'արձանագրէ եւ պարզ է, որ լիբանանեան լիրան ձեւով մը  գահընկեց եղած է: Խանութներուն մէջ ահաւոր թանկութիւն է, օրը մի քանի անգամ գիները կրնան փոխուիլ եւ դէպի վեր՝ աճ արձանագրել: Նաեւ մեծ դժուարութիւններ ունինք ելեկտրականութեան հետ կապուած:  Փաստօրէն, մեր մօտ օրը երկու անգամ,  1-2 ժամով պետութեան կողմէ  տրամադրուած  ելեկտրականութիւն կ'ունենանք, իսկ մնացեալ ժամերուն   քաղաքացիներ  կ՚օգտուին  անհատներու կողմէ  տեղադրուած    շարժակներէ (ժէնէրաթոր) եւ բնականաբար մուծումները շատ բարձր կ'ըլլան, այսինքն, կարելի է ըսել ելեկտրականութենէն համարեայ զրկուած կ'ապրինք, որ եւս մեծ դժուարութիւններ կը ստեղծէ բոլորիս համար:

Անգործութիւնը շատ տարածուած է, ուստի այժմ մարդիկ անելանելի վիճակի մէջ կը գտնուին, չեն կրնար իրենց օրուայ հացը ապահովել, շատ շատերը կան, որ դեղորայքի եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներու կարիք ունին, բայց հնարաւորութիւն չունին ոչ հիւանդանոց մտնելու, ոչ դեղ ապսպրելու, շատ ծանր վիճակ կը տիրէ:

 

-Ձեր տեղեկութիւններով այսօր մօտաւորապէս ինչքա՞ն է Լիբանան ապրող ՀՀ քաղաքացիներու թիւը։


Ինչ կը վերաբերի Լիբանան բնակող ՀՀ քաղաքացիներու թիւին, իմ կարծիքով, ոչ մէկ կազմակերպութիւն նման տեղեկութիւն ունի։

 

-Ձեր շրջապատին մէջ մեծ թիւով ՀՀ քաղաքացիներ կան, ի՞նչ  կրնաք ըսել անոնց մասին, ի՞նչ  խնդիրներու կը բախին ընդհանրապէս։


Մենք՝ Լիբանան բնակող ՀՀ քաղաքացիներս, կը բախինք նոյն խնդիրներուն, որուն կը բախին լիբանանցիները, համընդհանուր է խնդիրը՝ անգործութիւն. եւ ասկէ ելլելով, բոլորիս վիճակը, Լիբանանի բոլոր բնակիչներուն վիճակը նոյնն է, անելանելի, ծանր, դժուար օրեր են՝ բոլորիս համար:


-Հայաստանցիներու այն ընտանիքները,  որոնք օրուայ հացի խնդիր կ'ունենան, կ'արժանանա՞ն ուշադրութեան, այլ խօսքով, օգնող կողմեր կա՞ն  հայաստանցիներուն։


Օգնող կողմեր, բարեգործական ընկերութիւններ կան, անոնք են՝ մեր երեսփոխանական պլոքը, երեսփոխանուհի Փոլա Եագուպեանի կողմէ «Տաֆա» արշաւը, հայ բարերարները, Լիբանանի օգնութեան խաչը, նշեմ նաեւ, որ Ազգային Առաջնորդարանը եւս օգնութիւն կը ցուցաբերէ կարիքաւորներուն, եւ ամենակարեւորը, չմոռնամ մեր Արամ Ա. վեհափառի կողմէն տրուող նուիրատւութիւնները: Այսինքն, օգնողներ կան, եղածը շատ մեծ գործ է, շատ մեծ օգնութիւն է, ի հարկէ բոլորին վարձքը կատար, սակայն, իմ կարծիքով, սա ելք չէ, այս հարցը համահայկական հարց պիտի ըլլայ, պետական մօտեցում պէտք է ըլլայ, որպէսզի կարողանանք ելք գտնել, թէ՛ այստեղ գտնուող Հայաստանի հանրապետութեան բնակիչներուն համար, թէ՛ ընդհանրապէս սփիւռքահայութեան համար: Պէտք է համախմբուին թէ՛ կուսակցութիւնները, թէ՛ բոլոր բարերարները, եւ թէ՛ բոլոր կազմակերպութիւնները. միայն այդ պարագային կրնանք կառավարել եւ աւելի ճիշդ կ'ըլլայ այդպէս:

 

-Իրավիճակը եթէ  այս օրինաչափութեամբ  շարունակուի, տեղի  հայերը  եւ հայաստանացիները կը մտածե՞ն Լիբանանէն հեռանալու մասին։


Կը դժուարանամ ըսել. շատերը թերեւս կը ցանկային լքել Լիբանանը, սակայն հարց կը ծագի՝ ո՞ւր, ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով. մէկ կողմէն «Քորոնա» ժահրը եւ անով պայմանաւորուած օդակայանի փակումը, միւս կողմէն՝ սղութւինը, ժողովուրդը օրուայ հացի դրամը հազիւ կը հայթայթէ, իսկ ճամբորդելու համար, իմ կարծիքով, անհրաժեշտ են մեծ գումարներ, եւ եթէ նոյնիսկ տեղափոխուինք Հայաստան, մենք ոչինչ ունինք, եւ մեր պետութիւնը մեզի ընդառաջ չերթար, ոչինչ կրնայ տրամադրել. հարցը կը թողեմ բաց, չեմ կրնար պատասխանել:

 

-Իսկ  ի՞նչ կարող էք ըսել   Լիբանանի   կրթական  համակարգի  դժուարութեանց, բնականաբար  նաեւ հայկական  վարժարաններու ընդհանուր իրավիճակին մասին։


Բոլոր   դպրոցները    ծանր վիճակի մէջ են։ Այս օրերուն մի քանի արաբական   յայտնի   դպրոցները  փակուեցան   եւ շատ մեծ մտավախութիւն ունիմ, որ մեր դպրոցները եւս կը փակուին: Ինծի շատ յուզող հարցերէն մէկն ալ այս է, քանի որ ես ալ զաւակ ունիմ, որ կը յաճախէ ազգային վարժարան, եւ ատով ես շատ հպարտ եմ, բայց  կրթաթոշակը վճարելու հնարաւորութիւն չունինք, իսկ այստեղ մեր ազգային վարժարանները վճարովի են: Յոյսով եմ ինչ որ ելք կը գտնեն, որպէսզի մեր վարժարանները չփակուին եւ մեր զաւակները կարենան յաճախել, ուսում ստանալ եւ որպէս մարդ ձեւաւորուիլ մեր հայկական միջավայրին, մեր հայկական վարժարաններուն մէջ: Ես յոյսով եմ, որ այս հանգրուանն ալ կ'անցնինք եւ մեր դպրոցները կը գործեն եւ ամէն   ինչ  դրական  հունով կ՚աւարտի։