image

«Հիմա Լիբանանի մէջ հայութիւնը շքեղ, բայց դատարկ շատ կառոյցներ ունի, ի՞նչ ընենք այդ բոլորը ...» Ռոզեթ Ալէմեան

«Հիմա  Լիբանանի մէջ հայութիւնը շքեղ, բայց դատարկ  շատ   կառոյցներ ունի,  ի՞նչ ընենք  այդ բոլորը ...» Ռոզեթ  Ալէմեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ կրթական մշակ եւ հասարակական   գործիչ Տիկ. Ռոզէթ Ալէմեանը.

 

-Տնտեսական տագնապի այս դժուարին օրերուն, ինչպիսի՞ն է իրավիճակը հայկական  գաղութէն ներս։ Դժուարութիւններ կա՞ն, եւ արդեօք երեւելի են այդ դժուարութիւնները։


Հոկտեմբեր 2019-էն սկսեալ Լիբանանի մէջ կը տիրէ տնտեսական եւ ընկերային ու քաղաքական լուրջ տագնապ: Ասոր աւելցաւ «Քորոնա» ժահրը, որուն հետեւանքով մեծապէս տուժեց երկրի տնտեսութիւնը: Հայկական գաղութն ալ անմասն չէր կրնար մնալ այս տագնապէն, յատկապէս, նկատի առնելով, որ գաղութիս մէկ կարեւոր մասը կը զբաղի արհեստներով, որոնք այսօր մեծ նահանջ արձանագրած են: Հետեւաբար անգործութիւնը կամ լաւագոյն պարագային կէս ամսականով աշխատանքը, նաեւ առեւտուրի բացակայութիւնը իր ժխտական անդրադարձը ունեցան: Կարիքաւոր ընտանիքները չքաւոր դարձան, իսկ իրենց ամսականով ապրողները արդէն իսկ՝ կարիքաւոր: Այս բոլորը տեսանելի կը դառնան երբ եկեղեցիներ կամ բարեսիրական հաստատութիւններ նպաստ կը բաժնեն: 

 

-Տագնապը եթէ այսպէս  շարունակուի, ի՞նչ տիպի  բարդութիւններ կրնան յայտնուիլ։ Խօսքը ամէնօրեայ կենցաղի եւ ատոր կապուած  կարեւոր գործօններուն մասին է,  ջուրի, լուսաւորութեան, հացի  կամ այլ խնդիրներ կրնա՞ն ծագիլ։


Ճիշդ է որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ տնտեսական ճգնաժամ, բայց զուգահեռ կ'ընթանայ նաեւ՝ քաղաքականը: Քաղաքական ճնշումներու տակ կը փորձեն ալ աւելի բարդացնել վիճակը: Մէկ կողմէն ժողովուրդը կ'ենթարկուի տնտեսական սպառնալիքներու եւ ամէնօրեայ կենցաղի պէտքերու կրճատման, միւս կողմէն ջանք կը թափուի յոռեգոյնին չհասնելու: 

 

-Այս բոլորէն անդին, ձեր կարծիքով, եթէ իրավիճակն այսպէս  շարունակուի, կրնա՞յ ըլլալ,որ Լիբանանը  բռնէ  քաղաքացիական  նոր պատերազմի ճանապարհը։


Ներկայ համաշխարհային քաղաքական տուեալներէն ելլելով դժուար թէ քաղաքացիական պատերազմ սկսի: Սակայն, տնտեսական անկումի կողքին բարոյական անկումը, իր լայն իմաստով, ժողովուրդ մը կրնայ առաջնորդել դէպի անբաղձալի յորձանուտ: Այս մէկը նկատելի պիտի ըլլայ, եթէ անմիջական լուծումներ չգտնուին:

 

-Ի՞նչ  ըսել կ՚ուզէք  անբաղձալի  յորձանուտ ըսելով։


Անբաղձալի յորձանուտ ըսելով նկատի ունիմ ԱՄՆ տոլարի անսանձելի մագլցումը եւ այդ պատճառվ վառելանիւթի պակասը որուն հետեւանքով  ելեկտրականութեան երկար անջատումներ, հացի արտադրութեան կրճատում,  տեղի ունենան:Նաեւ կենցաղի անհրաժեշտ ապրանքներու բացակայութիւն շուկայէն: Այս բոլորը վերջ ի վերջոյ կրնայ անհանդուրժելի դարձնել կեանքը որուն հետեւանքով անախորժ միջադէպեր կրնան պատահիլ եւ որոշ զինեալ բախումներ կամ սպանութիւններ: Մաղթենք որ նման դէպքերու առաջ չգտնուինք, իսկ եթէ գտնուինք կը կործանինք դժբախտաբար:

 

 

 

-Տագնապէն դուրս գալու յոյսերը  ինչպէ՞ս կը գնահատէք։


Ներկայ դրութեամբ Լիբանան անել վիճակի մատնուած է, շատ բան պէտք է փոխուի որպէսզի երկիրը իբր պետութիւն, եւ  ժողովուրդ վերականգնուի: Կարճաժամկէտ լուծումներ կրնան գտնուիլ, սակայն հիմնական լուծումը կը կարօտի տարիներու ջանքի: 

 

-Հայութիւնը  ապագայ ունի՞  Լիբանանի  մէջ:


Թերեւս այս հարցումը ուրիշ ձեւով պէտք է հարցնել՝ Հայութեան ապագան ո՞ւր պէտք է  ըլլայ: Լիբանանի հայութիւնը Սփիւռքի բաբախող սիրտն էր,  մտաւորականութեան եւ ազատ միտքի կեդրոնը: 

Նոյնը չենք կրնար հիմա ըսել. պատճառները այլազան են. մեր ուշադրութիւնը մարդակերտումի եւ հայակերտումի վրայ չկեդրոնացուցինք: Չեմ ըսեր այդ ուղղութեամբ աշխատանք չտարինք, սակայն դժուար օրերուն ի յայտ եկաւ, որ մարդիկ ճամպրուկները առին ու պիտի առնեն եւ հեռանան Լիբանանէն: Թէ ո՞ւր կամ ո՞ւր պէտք է համախմբուինք, այս է էական հարցը:

Շքեղ բայց դատարկ կառոյցներ ունինք, ի՞նչ պիտի ընենք: