«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ կրթական մշակ եւ հասարակական գործիչ Տիկ. Ռոզէթ Ալէմեանը.
-Տնտեսական տագնապի այս դժուարին օրերուն, ինչպիսի՞ն է իրավիճակը հայկական գաղութէն ներս։ Դժուարութիւններ կա՞ն, եւ արդեօք երեւելի են այդ դժուարութիւնները։
Հոկտեմբեր 2019-էն սկսեալ Լիբանանի մէջ կը տիրէ տնտեսական եւ ընկերային ու քաղաքական լուրջ տագնապ: Ասոր աւելցաւ «Քորոնա» ժահրը, որուն հետեւանքով մեծապէս տուժեց երկրի տնտեսութիւնը: Հայկական գաղութն ալ անմասն չէր կրնար մնալ այս տագնապէն, յատկապէս, նկատի առնելով, որ գաղութիս մէկ կարեւոր մասը կը զբաղի արհեստներով, որոնք այսօր մեծ նահանջ արձանագրած են: Հետեւաբար անգործութիւնը կամ լաւագոյն պարագային կէս ամսականով աշխատանքը, նաեւ առեւտուրի բացակայութիւնը իր ժխտական անդրադարձը ունեցան: Կարիքաւոր ընտանիքները չքաւոր դարձան, իսկ իրենց ամսականով ապրողները արդէն իսկ՝ կարիքաւոր: Այս բոլորը տեսանելի կը դառնան երբ եկեղեցիներ կամ բարեսիրական հաստատութիւններ նպաստ կը բաժնեն:
-Տագնապը եթէ այսպէս շարունակուի, ի՞նչ տիպի բարդութիւններ կրնան յայտնուիլ։ Խօսքը ամէնօրեայ կենցաղի եւ ատոր կապուած կարեւոր գործօններուն մասին է, ջուրի, լուսաւորութեան, հացի կամ այլ խնդիրներ կրնա՞ն ծագիլ։
Ճիշդ է որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ տնտեսական ճգնաժամ, բայց զուգահեռ կ'ընթանայ նաեւ՝ քաղաքականը: Քաղաքական ճնշումներու տակ կը փորձեն ալ աւելի բարդացնել վիճակը: Մէկ կողմէն ժողովուրդը կ'ենթարկուի տնտեսական սպառնալիքներու եւ ամէնօրեայ կենցաղի պէտքերու կրճատման, միւս կողմէն ջանք կը թափուի յոռեգոյնին չհասնելու:
-Այս բոլորէն անդին, ձեր կարծիքով, եթէ իրավիճակն այսպէս շարունակուի, կրնա՞յ ըլլալ,որ Լիբանանը բռնէ քաղաքացիական նոր պատերազմի ճանապարհը։
Ներկայ համաշխարհային քաղաքական տուեալներէն ելլելով դժուար թէ քաղաքացիական պատերազմ սկսի: Սակայն, տնտեսական անկումի կողքին բարոյական անկումը, իր լայն իմաստով, ժողովուրդ մը կրնայ առաջնորդել դէպի անբաղձալի յորձանուտ: Այս մէկը նկատելի պիտի ըլլայ, եթէ անմիջական լուծումներ չգտնուին:
-Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէք անբաղձալի յորձանուտ ըսելով։
Անբաղձալի յորձանուտ ըսելով նկատի ունիմ ԱՄՆ տոլարի անսանձելի մագլցումը եւ այդ պատճառվ վառելանիւթի պակասը որուն հետեւանքով ելեկտրականութեան երկար անջատումներ, հացի արտադրութեան կրճատում, տեղի ունենան:Նաեւ կենցաղի անհրաժեշտ ապրանքներու բացակայութիւն շուկայէն: Այս բոլորը վերջ ի վերջոյ կրնայ անհանդուրժելի դարձնել կեանքը որուն հետեւանքով անախորժ միջադէպեր կրնան պատահիլ եւ որոշ զինեալ բախումներ կամ սպանութիւններ: Մաղթենք որ նման դէպքերու առաջ չգտնուինք, իսկ եթէ գտնուինք կը կործանինք դժբախտաբար:
-Տագնապէն դուրս գալու յոյսերը ինչպէ՞ս կը գնահատէք։
Ներկայ դրութեամբ Լիբանան անել վիճակի մատնուած է, շատ բան պէտք է փոխուի որպէսզի երկիրը իբր պետութիւն, եւ ժողովուրդ վերականգնուի: Կարճաժամկէտ լուծումներ կրնան գտնուիլ, սակայն հիմնական լուծումը կը կարօտի տարիներու ջանքի:
-Հայութիւնը ապագայ ունի՞ Լիբանանի մէջ:
Թերեւս այս հարցումը ուրիշ ձեւով պէտք է հարցնել՝ Հայութեան ապագան ո՞ւր պէտք է ըլլայ: Լիբանանի հայութիւնը Սփիւռքի բաբախող սիրտն էր, մտաւորականութեան եւ ազատ միտքի կեդրոնը:
Նոյնը չենք կրնար հիմա ըսել. պատճառները այլազան են. մեր ուշադրութիւնը մարդակերտումի եւ հայակերտումի վրայ չկեդրոնացուցինք: Չեմ ըսեր այդ ուղղութեամբ աշխատանք չտարինք, սակայն դժուար օրերուն ի յայտ եկաւ, որ մարդիկ ճամպրուկները առին ու պիտի առնեն եւ հեռանան Լիբանանէն: Թէ ո՞ւր կամ ո՞ւր պէտք է համախմբուինք, այս է էական հարցը:
Շքեղ բայց դատարկ կառոյցներ ունինք, ի՞նչ պիտի ընենք: