image

«Ինչպէս երէկ այսօր ալ Սփիւռքի նախարարութիւնը լուրջ ծրագիր մը չունի Միջին Արեւելքի հայութեան համար». Խաժակ Այնթէպլեան

«Ինչպէս երէկ այսօր ալ Սփիւռքի նախարարութիւնը լուրջ ծրագիր մը  չունի Միջին Արեւելքի հայութեան համար». Խաժակ Այնթէպլեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ համայնքային գործիչ, Տօքթ. Խաժակ Այնթէպլեան.

 

-Բոլորս շատ լաւ գիտենք եւ կը պատկերացնենք, որ Լիբանան կ՚անցնի ծանր տագնապէ մը: Յոյսեր կա՞ն, որ երկիրը դուրս գայ այս տագնապէն։

 

Լիբանան այսօր կը գտնուի տնտեսական շատ ծանր տագնապի մը մէջ եւ ըսեմ, որ, դժբախտաբար, յոյսեր չկան՝ տագնապէն դուրս գալու: Այո, Լիբանանը յաճախ, տարբեր պատճառներով գտնուած է այսպիսի վիճակի մէջ եւ յաճախ ալ կրցած է դուրս գալ, բայց այս անգամ, այս տնտեսական տագնապը քիչ մը տարբեր բնոյթ ունի: Բացատրեմ ինչու: Հակառակ անոր, որ Լիբանանի տնտեսական վիճակը վերջին տարիներուն յաճախ կայուն չէ եղած, սակայն Լիբանանի տարադրամը միշտ ալ կը գտնուէր կայուն վիճակի մէջ, անոր արժէքը մէկ տոլարին դիմաց, երկար ժամանակ, 1500 լիբանանեան ոսկի էր. այս տարի սակայն, յանկարծ այդ կայունութիւնը խախտուեցաւ, դրամանիշի վարկը շատ ինկաւ, մէկ տոլարին արժէքը հասաւ գրեթէ 10 000 լիբանանեանի: Կայունութեան խախտումը անշուշտ պայմանաւորուած էր տարբեր հանգամանքներով. առաջին հերթին, մօտ տարի մը առաջ, երբ Լիբանանի պետութիւնը ինքզինք գտաւ տնտեսական անելանելի դրութեան մը առջեւ, սկսաւ ժողովուրդին  համար անհրաժեշտ տնտեսական մթերքներուն եւ այլ պարագաներուն վրայ յաւելեալ տուրքեր դնել, որոնց շարքին հետաքրքական էր «Ութաս Ափ»ի գործածութեան վրայ տուրք հաստատելու մտադրութիւնը, որ պատճառ դարձաւ ժողովուրդի յանկարծակի պոռթկումին, եւ սկիզբ առած ցոյցերը ձեւով մը ձախողցուցին տուրքերու դրութիւնը: Այս դէպքերուն նախորդած էին այլ հանգամանք, երբ ժողովուրդը, յատկապէս պետական պաշտօնեաները, դարձեալ ցոյցերով, թոշակներու յաւելում պահանջեցին եւ պետութիւնը ստիպուեցաւ այդ յաւելումները տալ, որուն կարողութիւնը  չունէր, երկրի պիւտճէն չէր ներեր, եւ այդպսիով տագնապը կամաց կամաց սկսաւ խորանալ: Անշուշտ տագնապին հիմնական պատճառ է նաեւ երկրի պետական համակարգին մէջ տիրող փտածութիւնը, որուն գոյութիւնը  կ'ընդունի նոյնիսկ պետութիւնը, բայց, դժբախտաբատ, միշտ ալ անկարելի եղած է առաջքը առնել: Իսկ վերջին տարիներուն Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական վիճակը նոյնպէս մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ, որովհետեւ Լիբանանը անուղղակի կերպով շրջափակման մէջ յայտնուեցաւ, նկատի ունենալով, որ Լիբանան արտահանումներ կամ նոյնիսկ ներածութիւններ կատարելու համար կ'օգտուէր Սուրիոյ սահմանէն: Ներկայ շրջանին ալ ամբողջ աշխարհի մէջ տնտեսական տագնապ  յառաջացուցած  «Քորոնա» ժահրի ազդեցութենէն անմասն չէր կրնար մնալ Լիբանանի պէս տկար երկիր մը, որ  շատ մը   այլ երկիրներէն  աւելի ծանր տարաւ   տնտեսական վատթարացումը։  

Բայց այս բոլոր պատճառները նկատի առնելով, յաւելեալ, եւ դժբախտաբար, թերեւս ամէնէն հիմնական պատճառ մըն ալ կայ, որ սկսած է երեւիլ, այն է՝ արտաքին քաղաքական ճնշումը: Լիբանանի տարադրամը վերջին տարիներուն շատ կայուն եղած է, եւ այդ կայունութիւնը  երկիրի  ապահոված է ոչ թէ իր տնտեսական միջոցներով, այլ օգտուելով արտաքին վարկային փոխտուութիւններէն կամ տարբեր ֆինանսական ֆոնտերէն. Իսկ այսօր այդ հիմնական վարկատու երկիրները, ինչպէս՝ Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Ֆրանսան, դադրեցուցին այդ փոխտուութիւնները, որովհետեւ իրենք իրենց պայմանները ունէին, որ գաղտնիք մը չէ, Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»ի հզօրացման կասեցումն է, եւ երբ իրենք զինուորական միջոցներով չկրցան կանխել այդ մէկը, անուղղակի կերպով որդեգրեցին այս տնտեսական պատիժները։ Եւ այս մէկը հիմնական պատճառը դարձաւ, որ Լիբանանի մէջ ծայր առնէ տնտեսական սուր տագնապ, եւ, ըստ երեւոյթին, տնտեսական միջոցով այս քաղաքական ճնշումը Լիբանանի վրայ պիտի երկարի, որովհետեւ յստակ նպատակ կը հետապնդէ:

 

-Ի՞նչ կը մտածեն լիբանանահայերը եւ մասնաւորապէս լիբանանահայ երիտասարդութիւնը, որ աւագ սերունդին համեմատած, տակաւին չէ արմատաւորուած այդ երկրին մէջ։


Նկատողութիւնը շատ ճիշդ է, որ լիբանանահայ երիտասարդը այս երկրին մէջ չէ արմատաւորուած եւ պատճառը տնտեսական անկայունութիւնն է ու անգործութիւնը, որ հնարաւորութիւն չընձեռեց, մանաւանդ լիբանանահայ երիտասարդին, այս երկրին մէջ արմատաւորուելու: Լիբանանահայ երիտասարդը կ'առանձնացնեմ, որովհետեւ, գիտէք, Լիբանանի մէջ վերջին տարիներուն երիտասարդութեան եւ ընդհանրապէս ժողովուրդին  գրեթէ 60 տոկոսին հիմնական զբաղուածութիւնը եղան պետական գործերը, պետական պաշտօնեայ ըլլալը, ճիշդ է, հայեր ալ կան պետական հաստատութիւններու մէջ աշխատող, բայց հայերուն մեծամասնութիւնը աւելի մասնագիտական բնագաւառներու մէջ կ'աշխատին, արհեստներու, ըլլայ ոսկերչութիւն, ինքնաշարժներու նորոգութիւն, իսկ վերջին տարիներուն ալ համակարգչային ընկերութիւններ եւ այլ  արդիական ոլորտներ, իսկ վերջին տարիներուն այս բնագաւառին մէջ ընդհանրապէս անգործութիւն կը տիրէ, եւ այդ պատճառով լիբանանահայ երիտասարդը չկապուեցաւ երկրին եւ սկսաւ  ճամբորդելու առիթներ փնտռել:

 

-Լիբանանի համայնքի եւ համայնքի ղեկավարութեան մօտեցումները նոյնն ե՞ն։ Այլ խօսքով, համայնքի ապրումը, կեանքը եւ ապագայի հանդէպ մօտեցումները համահո՞ւնչ են գաղութի ղեկավարութեան պաշտօնական տեսակէտին։


Ըսեմ, որ հիմնականին մէջ, այո՛, նոյնն են, թէեւ վերջին տարիներուն սկսած են առաջանալ տարբերութիւններ: Նախ ըսեմ, որ լիբանանահայ ղեկավարութիւնը ընդհանրապէս գաղութը փորձած է ղեկավարել, հիմնուելով Լիբանանի համայնքային դրութեան վրայ, փորձելով միշտ օգտուիլ Լիբանանի համայնքային երկիր ըլլալու հանգամանքէն, այդպիսով պաշտպանելով լիբանանահայութեան համայնքային իրաւունքները, որպէսզի գաղութի հայութեան աւելի իրաւունքներ ապահովէ, որ կը նպաստէր նաեւ գաղութի տնտեսական վիճակի  բարելաւման։ Բայց վերջին տարիներուն, Լիբանանի մէջ տնտեսական եւ քաղաքական այս լարուած վիճակը համայնքային շատ լուրջ լարուածութիւններ առաջացուց Լիբանանի հիմնական համայնքներուն միջեւ, մանաւանդ սիւննի եւ շիիթ համայնքներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ տարբեր համայնքներու միջեւ, եւ այս վիճակին մէջ մեր գաղութի նոյնիսկ ղեկավարութիւնը դիրքորոշուելու դժուարութիւն ունեցաւ, սակայն անշուշտ միշտ ալ դիրքորոշուեցաւ ի շահ Լիբանանի հայութեան: Այս հարցին  մէջ տարակարծութիւն չկայ: Բայց հիմնական տարակարծութիւնները սկսան յառաջանալ, երբ հայութիւնը, ստեղծուած քաղաքական եւ տնտեսական վիճակին պատճառով, նիւթական ծանր կացութեան մատնուեցաւ, եւ գաղութի ղեկավարութիւնը, հակառակ իր գործադրած բոլոր միջոցներուն եւ դուրսէն տրամադրուած օժանդակութիւններուն, դժուարութիւն ունեցաւ տնտեսապէս տէր կանգնելու լիբանանահայութեան, որուն պատճառով ալ տարբեր դժգոհութիւններ, պոռթկումներ եղան որոշ հայրենակիցներու մօտ, որ բնական երեւոյթ է այսպիսի ծանր վիճակներուն մէջ:

 

-Վերջերս մէկէ աւելի հարթակներէ խօսակցութիւններ լսուեցան, որ լիբանանահայ   գաղութի մեծ տոկոսը առաջիկայ փուլերուն մտադիր է Հայաստան ներգաղթել։ Կա՞յ նման բան։


Հայաստան ներգաղթելու ցանկութիւնը միշտ  առկայ եղած է լիբանանահայութեան  մօտ, բայց դժբախտաբար պաշտօնական մակարդակներու վրայ այդպիսի մտադրութիւն կամ աշխատանք չկայ տակաւին: Ժողովուրդին մօտ այդ ցանկութեան նկատելի դառնալուն հիմնական պատճառը, հայրենասիրութեան կողքին, տնտեսական ծանր վիճակն է: Անկեղծ ըսելու համար, լիբանանահայութիւնը տնտեսական ծանր վիճակի մէջ յայտնուած է եւ այս վիճակէն դուրս ելլելու միջոցներ կը փնտռէ, եւ Հայաստանը հիմա  այդ «յոյսի  պատուհան»ներէն մին է, եթէ  ոչ  գլխաւորը։ Լիբանանահայութեան մեծ մասը այսօր հայաստանեան անձագիր ունի եւ այդ անձագրով դիւրութիւն ունի երթալու Հայաստան եւ հոն հաստատուելու: Ճիշդ է, գացողներ շատ կան, բայց տակաւին ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ անոնք ինչ յաջողութիւններու պիտի հասնին, որ ուրիշներուն ալ քաջալերեն եւ ճամբայ բանան:

 

-Իսկ այդ ներհոսքի կամ ներգաղթի պարագային Հայաստանի կառավարութենէն եւ իշխանութիւններէն  որեւէ ակնկալիք կա՞յ։


Բնականաբար, շատ մեծ սպասելիքներ եւ ակնկալութիւններ կան. այս հարցով, դժբախտաբար, հայրենի իշխանութիւնները, նոյնպէս ալ՝ սփիւռքի ղեկավարութիւնը միշտ ալ Հայաստան ներհոսքի հարցով չեն կրցած ճիշդ քաղաքականութիւն վարել եւ յստակ ծրագիր ունենալ: Սփիւռքի նախարարութիւնը, որ այս հարցով դերակատարը պէտք է ըլլար, օրին ալ չեղաւ, ներկայիս ալ, սփիւռքի յանձնակատարի կարգավիճակով,  իմ տեսակէտով, թերի է, որովհետեւ Հայաստանի իշխանութիւններու հիմնական քաղաքականութիւնը սփիւռքի հանդէպ կեդրոնացած է այն գաղութներուն վրայ, որոնցմէ տնտեսական, ներդրումային ակնկալիքներ ունին, ինչպէս՝ Ամերիկա, Գանատա եւ այլն, իսկ Միջին Արեւելքի գաղութներուն համար, ինչպիսին է՝ Սուրիան, Իրաքը եւ Լիբանանը, վերջին տարիներուն պէտք եղած ծրագիրները եւ գործակցութիւնները չեղան: Սպասելիքները շատ են իշխանութիւններէն. ինչ տեսակի տարակարծութիւններ ալ տեղի ունենան սփիւռքեան ղեկավար մարմիններուն եւ ՀՀ իշխանութիւններուն միջեւ, այս հարցին պարագային պէտք է յստակ համահայկական ծրագիր գոյութիւն ունենայ, եւ այդ ծրագիրը երազային չէ, անոր գործադրումը այդքան ալ դժուար չէ, ճիշդ է, ահագին դրամական միջոցներու կը կարօտի, բայց կարելի է մեր ունեցած նիւթական միջոցներուն համեմատ ծրագիրներ  մշակել եւ իրականացնել։