image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահ Փութին մասնակից դարձաւ սահամանդրական բարեփոխութիւններու հանրաքուէին

Նախագահ Փութին մասնակից դարձաւ սահամանդրական բարեփոխութիւններու հանրաքուէին

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը այսօր՝ քուէարկութիւններու վերջին օրը, մասնակցած է երկրի Սահմանադրութեան փոփոխութեան հանրաքուէին։ Ան քուէարկած է Մոսկուայի՝ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի շէնքին մէջ բացուած ընտրատեղամասին մէջ, ուր աւանդաբար կը քուէարկէ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ«Կազեթան»։

Այսօր քուէարկութիւնները պիտի աւարտին, եւ բոլոր տեղամասերու փակուելէն ետք՝ տեղական ժամանակով 20։00-էն պիտի սկսի քուէներու հաշուարկը։ Այդ ընթացքին պիտի հաշուուին տեղամասերուն, շրջիկ տեղամասերուն ու փոստային ծառայութիւններով ստացուած ձայները։

Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու ընդունման պարագային, ի թիւս այլ կարգաւորումներու, Փութինի նախագահական ժամկէտները կը զէրոյացուին, որու հետեւանքով ան կրնայ երկիրը ղեկավարել եւս երկու նախագահական ժամկէտով՝ մինչեւ 2036 թուականը։ Փութինը նախագահի ու վարչապետի պաշտօնին երկիրը կը ղեկավարէ արդէն 20 տարի։