image

Հալէպի «Փակ շուկա»ն վերանորոգուելու ճանապարհին վրայ. Յակոբ Նալպանտ

Հալէպի «Փակ շուկա»ն   վերանորոգուելու  ճանապարհին վրայ. Յակոբ Նալպանտ

 Հալէպահայ   գրող, հասարակական  գործիչ Յակոբ Նալպանտ  կը գրէ.

 

Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող արդէն տասնամեայ պատերազմը մեծ աւերներ գործեց սուրիական պատմական եւ մշակութային բազմադարեայ կոթողներուն վրայ: Աւերակի վերածուեցան, ռմբակոծուեցան եւ դիտաւորեալ ձեւով քանդուեցան բազմաթիւ հնամենի եկեղեցիներ, պալատներ, մզկիթներ եւ բերդեր։Երկրի թանգարանները  կողոպտուեցան, որոնց պատմական հարուստ ժառանգութիւնը տարբեր ճանապարհներով Սուրիայէն դուրս հանուեցաւ եւ վաճառուեցաւ տարբեր թանգարաններու եւ անհատներու։

Թուրքիա քանդիչ   մեծ դեր կատարեց, քաղելով մեծ գումարներու հասնող օգուտներ, որն ուղղակի կապուած է  Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի  զաւակին՝ Պիլալ Էրտողանի անուան հետ, որ հիմնական կազմակերպողն էր միջազգային եւ համայն մարդկութեան դէմ ուղղուած այս ծանր յանցագործութեան:

Հալէպի փակ շուկան, որ ունի բազմադարեայ պատմութիւն, իր հարուստ շուկաներով եւ իւրայատուկ ճարտարապետական կառուցուածքով,  2013-ին գրաւուեցաւ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող աւազակախումբերու կողմէ, ենթարկուեցաւ թալանի, քանդման եւ հրկիզման: Պատմական այս կառոյցը, որ տարեկան, ըստ սուրիական աղբիւրներու, կ'ունենար մօտաւորապէս 700-800 հազար այցելու զբօսաշրջիներ, ստացաւ ծանր վնասներ: 2016-ին սուրիական բանակը դարձեալ ազատագրեց այս պատմական վայրը, սակայն շուկան կրած էր ծանր վնասներ, որուն մեծ տոկոսը քանդման ենթարկուած էր: Երկար սպասումէ եւ մանրակրկիտ մասնագիտական, ճարտարապետական եւ պատմական ուսումնասիրութենէ ետք, քարերը դարձեալ հաւաքուեցան, թուակալուեցան եւ սկիզբ առաւ շուկայի վերանորոգման, վերակառուցման աշխատանքները, թէկուզ փոքր քայլերով,  այլ խօսքով,  փակ շուկայի  վերանորոգման սայլը սկսաւ է դանդաղօրէն  տեղէն շարժիլ:

Հալէպի քաղաքապետարանի մասնագէտներու աշխատանքին շնորհիւ արդէն երեք շուկայ վերանորոգուած է, արեւելեան համեմունքներու շուկան, կաշիէ ձեռքի աշխատանքներու շուկան եւ արեւելեան հին զարդերու շուկաները: Աշխատանքները կ'ընդանան ըստ որոշ ծրագրի, մնալով հարազատ անցեալի պատմական ճարտարապետական լուծումներուն:

Մեզի կը մնայ հրճուիլ եւ յուսալ, որ շուտով Հալէպի փակ շուկան կը գտնէ իր անցեալի աշխոյժ առեւտրական, մշակութային եւ զբօսաշրջային սրտազարկերն ու տրոփները եւ իր երկաներուն մէջ դարձեալ կը սկսի հոսիլ ժամանակի վերականգնուող աւիշը ու արիւնը:

 

Յատուկ՝  «Արեւելք»ին