image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Առաքելութիւն իրականացնող հայկական խումբը կը շարունակէ իր մարդասիրական գործունէութիւնը

Հալէպ. Առաքելութիւն իրականացնող հայկական խումբը կը  շարունակէ իր մարդասիրական գործունէութիւնը

25 Յունիսին, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ, Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան կազմին մէջ ընդգրկուած բժշկական խումբը, ըստ բարի աւանդոյթի, Հալէպի բուժհաստատութիւններուն փոխանցած է բժշկական անհրաժեշտ պարագաներ։ Այս մասին կը տեղեկանանք «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի ֆէյսպուքեան էջէն։

Բժշկական կեդրոններու ղեկավարները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են հայ բժիշկներուն՝ տրամադրուած բժշկական պարագաներուն, բժշկական հաստատութիւններու մէջ ամենօրեայ ցուցաբերուող բժշկական օժանդակութեան համար, ինչպէս նաեւ Հալէպի մէջ ՀՀ հիւպատոսութեան՝ մշտական աջակցութեան համար։