image
Հրատապ լուրեր:

Թրքական Ախորժակները Եւ Լիբանանահայութիւնը. Խմբագրական «Մասիս»ի

Թրքական Ախորժակները Եւ Լիբանանահայութիւնը. Խմբագրական «Մասիս»ի

 

 Լոս  Անճելոս տպագրուող «Մասիս»  պարբերականը  հրապարակած է  խմբագրական մը, որուն  շահեկանութեան  համար կը ներկայացնենք  մեր ընթերցողներուն 

 

Լիբանանի ներքին կեանքը կը շարունակէ մնալ ալեկոծ: Ժամանակէ մը ի վեր երկրի դիմագրաւած տնտեսական սուր տագնապին ու լիբանանեան թղթադրամի սրընթաց անկումին հետեւանքով ստեղծուած է ճգնաժամային իրավիճակ, որու յաղթահարման համար կան ներքին ու արտաքին բազմաթիւ խոչընդոտներ:

 

Տնտեսական տագնապին վրայ եկաւ աւելնալու անշուշտ համաճարակը, որ իր կարգին յառաջ բերաւ նոր մարտահրաւէրներ: Ժողովրդային դժգոհութիւնը եւ փողոցային ցոյցերը արդէն իսկ տապալեցին մէկ կառավարութիւն եւ այժմ կը սպառնան՝ երկրորդին: Սկզբնական շրջանի խաղաղ ցոյցերը այժմ կը զուգորդուին բախումներով, ո՛չ միայն բողոքողներու եւ ապահովութեան ուժերու միջեւ, այլ եւ լիբանանեան տարբեր հատուածներուն միջեւ: Երկրի աւանդական ղեկավարութիւնը ամէն ջանք կը գործադրեն քաղաքացիական նոր պատերազմէ մը խուսափելու համար:

 

Այս բոլորէն բնականաբար անմասն չէր կրնար մնալ լիբանանահայութիւնը: Տնտեսական տագնապը կը հարուածէ ամբողջ բնակչութեան՝ անխտիր: Հայկական կազմակերպութիւնները իրենց կարելին կ՛ընեն օգտակար ըլլալու՝ առնուազն կարիքաւոր դասին: Տագնապալից վիճակ է նաեւ հայկական կրթական եւ այլ հաստատութիւններուն համար:

 

Այս բոլոր մտահոգութիւններու կողքին, վերջին շաբթուայ ընթացքին Հայութեան առջեւ պարզուեցան նոր երեւոյթներ: Նախ համացանցի վրայ տարածուեցաւ «Լիբանանեան-Արաբական Մարտալլիական» անուան տակ գործող թրքամէտ կազմակերպութիւնը ներկայացնող անձի մը հակահայ ելոյթը, ուր ան ամէնէն գռեհիկ բառապաշարով կ՛արդարացնէր Ցեղասպանութիւնը: Ասոր յաջորդեց, ներքին թաղամասերու մէջ թրքական դրօշներով ցոյց մը՝ նոյն բովանդակութեամբ:

 

Հայ համայնքի ղեկավարութիւնը մեծ կասկածներ ունի, որ այս շարժումներու ետին կանգնած է Պէյրութի մէջ թրքական դեսպանատունը՝ փորձելով հայութիւնը ներքաշել Լիբանանի ներքին համայնքային հակասութիւններուն մէջ:

 

Վերջին շրջանին Էրտողանի կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան հիմքը կը հանդիսանայ Արաբական երկիրներէն ներս իր ազդեցութեան գօտիները ստեղծելու մարտավարութիւնը: Այդ քաղաքականութիւնը ան կը կարողանայ գործադրութեան դնել յատկապէս հոն, ուր կը տիրէ ներքին անկայունութիւն եւ կան քաղաքացիական պատերազմներ: Ներկայիս թրքական բանակի ուժեր կը գտնուին Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Իրաքի մէջ, ուր կը մասնակցին ռազմական գործողութիւններու: Անկայունութիւն կը տիրէ նաեւ Լիբանանի մէջ եւ թուրքիա կը փորձէ ներքին տարակարծութիւնները աւելի հրահրել, որպէսզի իրեն համար ստեղծուի պարարտ հող:

 

Վերջին ժամերուն պաշտօնական լրատուութիւն տարածուեցաւ այն մասին, որ Թուրքիոյ նախագահը հինգ ժամ տեւած յատուկ խորհրդակցութիւն ունեցած է, հակադարձելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին եւ հայկական լոպպիին: Այս եւս կու գայ հաստատելու, որ Թուրքիա խիստ մտահոգ է հայկական ճակատի վրայ իր կրած ձախողութիւններով, իսկ Լիբանանահութիւնը այդ ճակատի գլխաւոր օղակներէն մէկն է:

 

Նոյն պահուն ուշագրաւ էր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Զոհրապ Մնացականեանի յայտարարութիւնը՝ Ազգային Ժողովէն ներս, ուր ան կ՛ըսէր թէ Հայաստանը չի կրնար անտարբեր մնալ լիբանանահայ համայնքին նկատմամբ ու մշտական կապի մէջ է համայնքային բոլոր կառոյցներուն հետ:

 

Այսպիսով, բացայայտ կը դառնայ որ Հայաստան-Թուրքիա ռազմավարական հակամարտութեան քարտէսը բաւական ընդլայնուած է՝ տարածուելով Կովկասէն մինչեւ սփիւռք, որուն մէկ կարեւոր մասնիկը կը շարունակէ հանդիսանալ Լիբանանահայութիւնը, եւ որու դէմ ելած է այսօր Էրտողանի կառավարութիւնը, զայն նկատելով իր փանթուրքական ախորժակներու իրականացման առջեւ կարեւոր խոչընդոտ: