image
Հրատապ լուրեր:

«Այսօր Սուրիոյ մէջ տնտեսական աղէտալի իրավիճակ կը տիրէ».Յակոբ Նալպանտ

«Այսօր Սուրիոյ  մէջ տնտեսական   աղէտալի իրավիճակ կը տիրէ».Յակոբ  Նալպանտ

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ  գրող՝  Յակոբ Նալպանտ (Տլտըլեան):

 

-Ինչի՞ն  կը վերագրէք  Սուրիոյ  տնտեսութեան ապրած այս ծանր  եւ տագնապալի իրավիճակը. Ի՞նչ են  իրական պատճառները։ Սուրիական թղթոսկին ալ անկանխատեսելի  անկում կրեց, այս ընթացքով դէպի ո՞ւր կ՚ընթանայ երկիրը։

Պատերազմը տարբեր երեսներ ունի՝ զինուորական, քաղաքական եւ տնտեսական:

Սուրիան վերը նշուած պատերազմի բոլոր հանգրուանները խորապէս ապրեցաւ, յաղթանակներ ու պարտութիւններ ունեցաւ: Այժմ միջազգային հանրութիւն կոչուած մեծ մեքենան շատ ուժեղ ձեւով կը ճնշէ Սուրիոյ արդէն քայքայուած տնտեսութեան վերջին   գործօններուն վրայ:

Տասը տարի պատերազմ մղող, շրջափակման մէջ գտնուող երկրի մը տնտեսութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի կրէր ծանր հարուածներ: Լիբանանի  դրամատնային համակարգին մէջ տեղի ունեցած վտանգաւոր փոփոխութիւնները շատ խոր ազդեցութիւն ձգեցին Սուրիոյ տնտեսական համակարգին վրայ, որովհետեւ Սուրիան գտնուելով շրջափակման մէջ,  Լիբանանի դրամատնային համակարգը կ՚օգտագործէր,  որպէս  կամուրջ՝ Սուրիոյ եւ համաշխարհային տնտեսութեան միջեւ եւ դէպի Սուրիա կատարուող տնտեսական  գրեթէ բոլոր գործարքները տեղի կ'ունենային լիբանանեան դրամատուներու միջոցով, իսկ երբ Արեւմուտքի կողմէ դիտաւորեալ ծագած Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամի պատճառով սուրիացի վաճառականներու միլիառաւոր տոլարներու հասնող գումարները յանկարծ փոշիացան եւ, ըստ որոշ աղբիւրներու, նոյնիսկ այդ գումարները ծրագրուած ձեւով դուրս հանուեցան Լիբանանի պանքային համակարգէն, սուրիական լիրան  ստացաւ մեծ   հարուած  եւ գրանցեց իր պատմութեան ամենացած  ցուցանիշները։

Սուրիական ներքին ճակատին վրայ նոյնպէս տեղի ունեցաւ ահռելի տնտեսական պատերազմ, որու հիմնական դերակատարը նախագահ Ասատի  քեռորդի Ռամի Մախլուֆն էր, որ վերջին 30-40 տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած էր տնտեսական որոշակի համակարգ: Պետութիւնը ուզեց այս համակարգը դարձնել աւելի թափանցիկ եւ արդիւնաւէտ՝ ի շահ սուրիական տնտեսութեան: Այս ցնցումը եւս շատ բացասականօրէն ազդեց սուրիական արդէն իսկ  մաշած տնտեսական համակարգին վրայ:

Տնտեսական այս անկայուն վիճակը նոյնիսկ պատճառ դարձաւ, որ նախագահ Ասատ միջամտէ եւ դադրեցնելով վարչապետի լիազօրութիւնները, նոր վարչապետ նշանակէ Հիւսէյն Արնուսը: Այժմ սուրիական լիրայի վիճակը ձեւով մը անկումներէն սանձուած վիճակ ունի, իսկ  երկրին մէջ  կան գնաճի ահռելի տոկոսներ, որուն ծանրութեան տակ   երկրին մէջ սովի սահմաններուն մօտեցող տնտեսական լարուած եւ փխրուն իրավիճակ կը տիրէ:

 

-Տնտեսական իրավիճակի սրացումը ձեւով մը  դարձած է արեւմուտքի համար նոր զէնք՝ Սուրիոյ վրայ ճնշումներ գործադրելու համար. Համաձայն է՞ք այս տեսակէտին,  եւ ի՞նչ  կը նախատեսէք։

Արեւմուտքը այս գոյացած տնտեսական իրավիճակին երկար սպասած էր եւ  այն բծախնդրօրէն ծրագրած։ Երբ Արեւմուտքը իր նպատակին չհասաւ զինուորական դասական ձեւերով, գործի դրաւ, այսպէս կոչուած, Plan B-ին, որ տնտեսական հզօր ճնշումներու ճամբով Սուրիոյ կառավարութենէն  պիտի  փորձէ զիջումներ կորզել։ ԱՄՆ-ն նոյնիսկ «Կեսարի օրէնք»ի անուան տակ օրէնք ընդունեց ԱՄՆ Քոնկրէսէն եւ Ծերակուտական պալատէն ներս, որ 17 յունիսին ուժի մէջ  մտաւ։ Այդ օրէնքը  իր  մէջ կը պարունակէ ծանր կէտեր, եւ  անոր  միջոցով Սուրիան պիտի յայտնուի տնտեսական շատ ծանր իրավիճակի մէջ: Այստեղ հետաքրքրական պիտի ըլլայ Ռուսիոյ դիրքորոշումը, որն, ի դէպ, սուրիական ծովեզերեայ քանի մը նաւահանգիստներ աշխատցնելու իրաւունք ձեռք ձգած է Սուրիոյ կառավարութեան որոշմամբ:

 

-Ինչպիսի՞ն է հալէպահայութեան վիճակը: Տնտեսական այս ծանր վիճակները ի՞նչ ազդեցութիւն կ'ունենան հայկական համայնքին վրայ։

Հալէպահայութիւնն ալ անմասն չի կրնար մնալ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած տնտեսական այս ծանր  ծանր տագնապի հետեւանքներէն: Սուրիոյ բոլոր խաւերու մակարդակով կը տիրէ տնտեսական աղէտալի վիճակ: Թերեւս այս վիճակը հալէպահայութեան մղէ  հիմնաւորուած եւ աւելի լուրջ կերպով մտածելու հայրենադարձութեան մասին, որովհետեւ հորիզոնին վրայ տակաւին խաղաղութեան ծիածանի երանգները չեն ուրուագծուած Սուրիոյ մէջ:

 

-Եթէ Սուրիան կարողանայ դիմակայել տնտեսական բնոյթի այս պատերազմին, ի՞նչ  զարգացումներ  կրնան տեղի ունենալ։

Գուշակութիւններ չեմ կրնար ընել, թէ Սուրիան ինչպիսի ձեւերով եւ մեթոտներով պիտի դիմակայէ այս տնտեսական ծանր վիճակը, որուն մէջ յայտնուած է: Ամէն ինչ կախեալ է մեծ տէրութիւններու տնտեսական եւ ժէօ-փոլիթիք շահերու իրար բախման արդիւնքներէն. եթէ միջազգային մեծ դերակատարները հասնին ընդհանուր յայտարարի՝ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման շուրջ, ապա հնարաւոր է, որ Սուրիան վերածուի տնտեսապէս զարգացած, իւրայատուկ երկրի մը, կամ ալ, հակառակ պարագային, Սուրիան պիտի վերածուի Սոմալի կամ Աֆղանիստանի  նման անկայուն երկրի մը:

 

-Ի՞նչպէս կարողացաւ Սուրիան դիմագրաւել «Քովիտ» համավարակը եւ ինչ գնահատականներ կարելի է տալ երկրի առողջապահական ընդհանուր իրավիճակին։

Բարեբախտաբար Սուրիոյ մէջ «Քովիտ-19»ը բացասական ազդեցութիւն չունեցաւ, երկրին մէջ արտակարգ դրութիւնը դադրած է, կեանքը կ'ընթանայ բնականոն հունի մէջ: Ես Սուրիոյ մէջ ինքնամեկուսացող առաջին քաղաքացիներէն էի. երբ վերադարձայ Երեւանէն, պետութիւնը մեզի Դամասկոսի մէջ մեկուսացուց եւ բարձր մակարդակի վրայ սպասարկեց՝ բժշկական եւ այլ առումներով: Այն հանգամանքը, որ Սուրիան պատերազմի պատճառով մեկուսացման մէջ կ'ապրի եւ օդակայաններուն մէջ օդանաւեր համարեայ չեն իջներ, դրականօրէն ազդեց «Քովիտ-19»-ի նուազ տարածման գործընթացին վրայ,  որն անշուշտ  բարեբախտութիւն մը եղաւ   սուրիացիներուն համար։