image
Հրատապ լուրեր:

Հրատապ. Ամերիկեան «Կեսարի օրէնք»ին առաջին հայ «զոհեր»ը ՝ Անի եւ Էնտրու Պէօրէքլեաններն են

Հրատապ.  Ամերիկեան «Կեսարի օրէնք»ին  առաջին հայ  «զոհեր»ը ՝  Անի  եւ  Էնտրու  Պէօրէքլեաններն են

Լիբանանահայ       Անի  եւ   Էնտրու    Պէօրէքլեաններու անունը  տեղ  գտած է    ԱՄՆ-ի կողմէ    օրերս  հրապարակուած  «սեւ ցուցակ»ին մէջ, որու հիմքով անոնք կը համարուի     Սուրիոյ իշխանութեան հետ համագործակցած, հետեւաբար   նաեւ Ամերիկայի  համար անցանկալի անհատներ։ Մեր ունեցած   տուեալներով  լիբանանահայ ամոլը մինչեւ վերջերս կը բնակէր  ԱՄՆ-ի  մէջ, եւ  անոնք միայն վերջերս վերադարձած են Մերձաւոր  Արեւելք։

 

 ԱՄՆ  իշխ անութիւններ   պատժական տնօրինումներ գործադրելով   կալանքի տակ   առած են ամոլին ԱՄՆ,ի մէջ  ունեցած   բնակարանն ու ընկերութիւնը։

 

 Նշենք, որ       Պէօրէքլեաններուն մասին  տեղեկութիւնները  «Արեւելք» իմացաւ  համացանցի ճամբով եւ անոնք  այսպիսով  կը համարուին  ԱՄՆ-ի  կողմէ    հրապարակուած  եւ  «Կեսարի  օրէնք»ին  առաջին    հայ «զոհեր»ը։

 

  Յիշեցնենք , որ Սուրիոյ  իշխանութիւններուն դէմ   շղթայազերծուած  անարդար   պայքարի  ծիրին մէջ  ԱՄՆ  երէկուընէ   սկսեալ    գործադրութեան  դրաւ  «Կեսարի  օրէնք»ը, որունք հիմքով    պատիժներու   պիտի ենթարկուին բոլոր  անոնք,  որ    տարբեր առիթներով եւ միջոցներով   գործակցած  են    Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ։

 Այս  ծիրին  մէջ   շատ  յստակ է, որ    սուրիահայերը, ինչպէս նաեւ լիբանանահայերու  կարեւոր մէկ տոկոսը  կապուածութիւններ ունին  Սուրիոյ  հետ եւ չի բացառուիր, որ  անոնց  կողմէ որեւէ տեսակի     գործակցութիւն  այս  օրերուն   պիտի առնուի  ամերիկեան  խոշորացոյցի  տակ,  զիրենք  դարձնելով  անարդար   զոհերը, անարդար  պատժամիջոցներու։