image
Հրատապ լուրեր:

«Թրքական պաստառներ» վար կ՚առնուին Սէուտական Արաբիոյ մէջ. Ռիատ-Անգարա նոր տագնա՞պ.

«Թրքական   պաստառներ» վար  կ՚առնուին Սէուտական Արաբիոյ  մէջ. Ռիատ-Անգարա  նոր  տագնա՞պ.

Սէուտական  Արաբիոյ  մէջ     անսպասելի   քայլով մը    պատկան  մարմիններ որոշած  եւ գործադրութեան դրած են      Ռիատ  քաղաքին մէջ   դրուած    եւ թրքական  (օսմանեան)  անուններ  պարունակող պաստառներու  վար  առնուիլը։

 

«Արեւելք»ի տիրապետած  տեղեկութիւններով  եղածներուն  վերաբերեալ  լուրերը տարածուած են  համացանցի  օգատէրերուն կողմէ, որոնք  նաեւ նշած են, որ    մասնաւորապէս   մայրաքաղաք  Ռիատի մէջ իրաւապահ  մարմիններ  վար  առած են  օսմանցի    Սուլայման  քանունի  սուլթանին  անունը  կրող պաստառ մը։

 

Կը նշուի նաեւ, որ  այս  զարգացումները    տեղի  կ՚ունենան  այն  պահուն, երբ  երկու երկիրներուն  միջեւ առկայ «թաքուն»   պահուած   լարուածութիւնը սկսած է  բացայայտ  կերպով  արտայայտուիլ։

 

Իր  կարգին «Անատոլու»  լրատուական  գործակալութիւնը    գրած է, որ սէուտցիք  նման  քայլերով պիտի չկարողանան  նսեմացնել  օսմանցի  սուլթաններու  ունեցած  ներդրումը      կամ  թուրք   արաբական  յարաբերութիւնները  ստուերելը։

Նշենք, որ  Ռիատի եւ  Անգարայի միջեւ  լարուածութիւնը   ընթացք առած էր այն օրէն  երբ օրակարգի  թեմա դարձաւ  Քաթարի  հարցը, որուն առընթեր  Անգարա  հանդէս եկաւ հակասէուտական  կեցուածքներով։

 

Տեղին է  յիշեցնել, որ Անգարայի  եւ    Էրտողանի  դէմ  կեցուածներու  դրսեւորումը երեւելի է  ոչ միայն Սէուտական  Արաբիոյ,  այլ նոյնպէս  Պարսից Ծոցի երկիրներու ու նաեւ  Եգիպտոսի  մէջ։