image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ.Արտակարգ միջադէպ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ. Ձերբակալուած է Լիբանանահայ Վահէ Ֆրէնկիչեանը

Պէյրութի մէջ.Արտակարգ միջադէպ    Թուրքիոյ դեսպանատան  առջեւ. Ձերբակալուած է Լիբանանահայ Վահէ Ֆրէնկիչեանը

Կիրակի օր արտակարգ դէպք մը տեղի ունեցած է Պէյրութի թրքական դեսպանատան առջեւ։

Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի  իր աղբիւրէն։

Մեր աղբիւրը հաղորդեց, որ լիբանանահայ երիտասարդ՝ Վահէ Ֆրէնկիչեան  (1968-ի ծնունդ) բարձրացած է Պէյրութի արուարձաններէն համարուող Ռապիէի շրջան եւ դեսպանատան դռան սեմին կանգնած անվտանգութեան պատասխանատուներէն պահանջած, որ իր առջեւ բանան դեսպանատան դարպասը, քանի ինք եկած է իր ցասումը արտայայտելու Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ վարչակարգի որդեգրած քաղաքականութեան վերաբերեալ։

Վահէն իր ձեռքին ունեցած է աղբով լեցուն տոպրակ մը, որ զայն իբրեւ բողոքի նշան պիտի նետէր դեսպանատան սեմէն ներս։

Աւելի ուշ ապահովական մարմիններ ձերբակալած են Վահէն եւ զինք փոխադրած Անթիլիաս շրջանի ոստիկանատուն։

Վահէ ոստիկանատան մէջ մնացած է 6 ժամ ու ապա ազատ արձակուած  է։

Յիշեցնենք, որ այս դէպքը կը կատարուի այն պահուն, երբ թրքական տարբեր լծակներ մեծ ճիգեր կ՚իրականացնեն նպատակ ունենալով հակահայկական մթնոլորտ ստեղծել մայրաքաղաք Պէյրութի, ինչպէս նաեւ  տարբեր շրջաններու մէջ։