Լիբանանի մէջ ծանր արկածի հետեւանքով մահացած է պէյրութահայ երիտասարդ Ռաֆֆի Խաչատուրեանը։
Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք հանգուցեալի հարազատներէն։
Մեր ունեցած տուեալներով Ռաֆֆին զոհ գացած է «Մոթոսիքլէթ»ի արկածի, երբ ան Պէյրութ կը վերադառնալ Լիբանանի հիւսիսային շրջանէն։
Կը նշուի նաեւ, որ Ռաֆֆի բախած է մեծ բեռնատարի մը, որմէ ետք ալ անոր վարած «Մոթոսիքլէթ»ը դուրս եկած է հունէն ու կրակ առնելով պատճառ դարձած Ռաֆֆիի մահուան։
Կը նշուի նաեւ, որ մարմնամարզի աշխարհին մէջ ինքզինք փաստած Ռաֆֆին աշխատած է ապահովական ոլորտին մէջ։
Հանգուցեալը ամուսնացած էր եւ հայր երկու զաւակի։