image

Վատ լուր Ամմանէն. Յորդանանի միակ հայկական դպրոցը փակեց իր դռները

Վատ լուր Ամմանէն. Յորդանանի  միակ հայկական  դպրոցը  փակեց  իր դռները

Մտահոգիչ  լուր ստացանք  Յորդանանի հայկական  համայնքէն։

Ամմանի մեր աղբիւրին համաձայն մայրաքաղաքին մէջ գործող միակ հայկական՝ Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան վարժարանը 2019-2020 կրթական տարեշրջանի աւարտին վերջնականապէս պիտի փակէ իր դռները։

Յիշեցնենք, որ նոյնանման լուրեր տարածուած էին 2018 թուականի յուլիս ամսուան ընթացքին, եւ «Արեւելք»ի կողմէ հրապարակուած լուրը մեծ տարածում գտած եւ խոր մտահոգութեան պատճառ դարձած էր հայաշխարհին մէջ։ Այդ օրերուն Յորդանանի հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս վրդ. Իբրաճեան կարեւոր քայլերու կը ձեռնարկէր ու կը յաջողէր բաց պահել վարժարանը։

Իսկ այն ինչ որ տեղի ունեցած է այս օրերուն, այն է, որ համայնքի ղեկավար մարմինը, գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւին,դիմելով տարբեր կողմերու աջակցութեան, ստացած է ժխտական պատասխաններ, որուն հետեւանքով ստիպուած եղած է Յորդանանի Առաջնորդարանի յարկին տակ ընդունիլ գաղութի ղեկավար մարմնի անդամները, վերջիններուն փոխանցելով առկայ ծանր իրավիճակի անելանելիութիւնը ու հետեւաբար դպրոցի վերջնականապէս փակելու որոշումը։

Որոշումը մեծ վրդովում յառաջացուցած է համայնքի հայկական շրջանակներուն մէջ, ու մեծ թիւով ծնողներ յայտնուած են շփոթահար վիճակի մը մէջ յառաջիկայ տարի իրենց զաւակներու կրթութեան հարցը կարգի բերելու առումով։   

Նշենք, որ Ամմանի հայկական վարժարանը կը յաճախէին 32 հայ  աշակերտներ, ինչպէս նաեւ   տեղացի սաներ։

Վարժարանի  փակումով կարեւոր էջ մը պիտի փակուի Յորդանանի արդէն իսկ նօսրացած հայագաղութի փառաւոր անցեալի էջերէն, այդպիսով հայեցի դաստիարակութիւնէ  զրկելով տասնեակ  հայկական ընտանիքներ։

Բարձրաձայն հարցումը, որ կը տրուի այսօր, ինչպէս պահել ու պահպանել հայկական սփիւռքը առանց այդ սփիւռքի հայկական կեանքին արիւնատար երակը համարուող հայկական վարժարանի գոյութեան։

Հարցադրումը որ կը հնչէ, ոչ միայն այժմէական է, այլեւ բոլոր ժամանակներուն տրուած հարցադրում է, քաջ գիտակցելով, որ առանց հայկական դպրոցի գոյութեան սփիւռքի հայութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի բռնէ ձուլումի ճամբան։

 

 

 «Արեւելք»