image

Պոլսոյ մէջ. Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը կը գործէ միայն «Քորոնա»ի պարագաներուն համար

Պոլսոյ մէջ. Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը կը գործէ միայն «Քորոնա»ի պարագաներուն համար

News.am Կը  հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Պոլիս քաղաքը գտնուող Սուրբ փրկիչ հայկական հիւանդանոցը վերածուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն սպասարկող  հիւանդանոցի: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ժամանակ» թերթի խմբագիր Արա Գոչունեանը:

«Սուրբ փրկիչ հիւանդանոցը արդէն հռչակուած է համաճարակի հիւանդանոց, այն կը սպասարկէ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն: Շատ մեծ ծառայութիւն կը մատուցէ հիւանդանոցը եւ միակն է Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու հիւանդանոցներէն, որ դարձած է համաճարակի հիւանդանոց եւ վարակակիրներ կ'ընդունի, շատ թափով աշխատանք կ'ընթանայ այնտեղ: Համայնքին մէջ յայտնի են մօտ երկու տասնեակ վարակուածներ, որոնք կը գտնուին ինչպէս հայկական հիւանդանոցին, այնպէս ալ քաղաքի այլ հիւանդանոցներուն մէջ: Համայնքին մէջ խուճապային տրամադրութիւններ չկան, կայ զգուշաւորութիւն»,-ըսած է ան:

Գոչունեանի խօսքով` Հայաստանի քաղաքացիներու շրջանին իրենց տեղեկութիւններով չկան դէպքեր, որոնք ուզած են վերադառնալ հայրենիք եւ չեն կրցած, հակառակ որ ցանկութեան պարագային ալ չեն կրնար վերադառնալ, քանի որ թռիչքներ այս պահուն չկան:

Ան նշած է, որ համայնքին մէջ ապրող տարեցներու, կարիքաւորներու համար ընկերային օգնութեան ծրագիր կ'իրականացուի:

Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ մէջ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ ազգութեամբ հայ տարեց տղամարդ մը մահացած է: