image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ մէջ «Քորոնա»էն նոր կորուստ. Մահացած է Պետրոս Սահակեանը

Պոլսոյ  մէջ «Քորոնա»էն  նոր  կորուստ. Մահացած է  Պետրոս  Սահակեանը

Պոլսոյ  մէջ   «Քորոնա»  վարակին  հետեւանքով    նոր մահ մը կայ։

Այս  մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ   Պոլսոյ իր աղբիւրէն։

Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորեց, որ մահացողը կը կոչուի   Պետրոս  Սահակեան  եւ  76    տարեկան էր։

Կը  նշուի նաեւ, որ հագուցեալը  օրեր  առաջ անհանգստացած  եւ փոխադրուած  էր   Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Աւելի ուշ  պարզ դարձած է, որ ան  ունեցած է «Քորոնա»  վարակ, որուն հետեւանքով ալ,   հակառակ   բժիշկներու  ճիգերուն,  աւանդած է իր հոգին։

Կը  նշուի նաեւ, որ  ունեցած է  քրոնիկ տարբեր  հիւանդութիւններ։

Յիշեցնենք, որ  այս Պոլսոյ հայկական շրջանակներուն    մէջ  վարակէն երկրորդ  կորուստն է: Առաջին մահը  օրեր  առաջ էր, երբ   համայնքի   անդամներէն  Աւետիս Ուստաարամօղլուն, նոյն   հիւանդութենէն     կնքած էր իր մահկանացուն։