image

Դրամական աջակցութիւն «Քորոնա»ի դէմ պայքարին. ANCA-ի կոչը

Դրամական աջակցութիւն «Քորոնա»ի դէմ պայքարին. ANCA-ի կոչը

Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակը դիմած է ԱՄՆ-ի պետական բաժանմունքի քարտուղար Մայք Փոմփէոյին, որպէսզի ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը 25 միլիոն տոլար օգնութիւն տրամադրէ Հայաստանին «Քորոնա» ժահրի յաղթահարման նպատակով: Այս մասին տեղեկացուցած է Հայ դատի յանձնախումբի կայքը։

Պետական քարտուղարին ուղղուած նամակին մէջ, Հայ դատի յանձնախումբի համակարգող՝ Ռաֆֆի Համփարեան նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնած է պետական քարտուղարին, աւելի կանուխ, Հայաստանին «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի ծիրէն ներս, 1,1 մլն տոլարի օգնութիւն տրամադրելու համար:

Ռաֆֆի Համփարեան կոչ ըրած է Քոնկրէսին կողմէ Հայաստանին յատկացուած օգնութեան փաթեթէն 25 միլիոն տոլարը վերաբաշխել որպէս COVID-19 համաճարակի  դէմ պայքարի Հայաստանին յատկացուած օգնութիւն, որ կ'ուղղուի անհրաժեշտ բժշկական սարքաւորումներու ձեռքբերման, փորձագիտական աջակցութեան ու տնտեսապէս անապահով ընտանիքներու աջակցութեան։