Թեհրանի մէջ «Քորոնա» վարակին հետեւանքով զոհուածներու շարքին են 7 հայորդիներ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանին մօտիկ կանգնած աղբիւրէ մը։
Յիշեցնենք, որ Թեհրանի մէջ «Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած առաջին հայ զոհը ՝ Էլսիկ Մասիհին էր, որ մահացած էր հիւանդանոցին մէջ բուժում ստանալու ընթացքին։
Վերջին պաշտօնական տուեալներու համաձայն այսօրուան դրութեամբ եւ ըստ «Ալ Ալամ» կայքին Իրանի մէջ «Քորոնա»ի վարակակիրներու ընդհանուր թիւն է 38.309 ՝, զոհերունը ՝2640 իսկ վարակէն բուժուածներուն թիւը ՝ 12.391: