image

Լիբանանի մէջ տնտեսական ճգնաժամը կը սրի. Տոլարը հասած է 3000-ի շեմին

Լիբանանի մէջ տնտեսական  ճգնաժամը կը սրի.  Տոլարը   հասած է  3000-ի  շեմին

Լիբանանի մէջ մինչ օրս առկայ տնտեսական սուր տագնապը կը շարունակուի։ Իրավիճակի ծանր ըլլալուն ամէնավառ ցուցանիշներէն կը համարուի երկրի դրամատուներուն որդեգրած քաղաքականութիւնը,  որուն պատճառով ալ լիբանանցի աւանդատէրներ չեն կարողանար իրենց գումարներուն տէրը  դառնալ։

Կը նշուի նաեւ, որ հակառակ «Քորոնա»ի ստեղծած նոր իրավիճակին, ամերիկեան տոլարին  սակը կը շարունակէ  բարձրացում արձանագրել, հակառակ անոր որ միջոց մը առաջ վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը յորդորներ տուած էր երկրի լումայափոխներուն պահպանել եւ օգտակար քայլեր իրականացնել պահելու համար տոլարի կայունութիւնը։

Այս առումով եւ ըստ VDL կայանին երէկ օրինակ Լիբանանի մէջ տոլարի սակը հասած է 3000 լիբանանեան ոսկիի շեմը, բան մը աննախադէպ է, այլապէս ալ տնտեսական սուր տագնապ ապրող երկրին մէջ։

Յիշեցնենք, որ անցեալ 17 հոկտեմբերէն առաջ, երբ ընթացք կ՚առնէր Լիբանանի ընկերային բնոյթով սկսած «յեղափոխութիւն»ը, երկրին մէջ  տոլարի սակն էր՝ 1515 լիբանանեան թղթոսկի, իսկ այսօր այն դարձած է կրկնկապատիկը եւ անշուշտ ակներեւ սկսած է դառնալ, որ տոլարի բացակայութիւնը կամ դժուարամատչելիութիւնը կարեւոր ցուցանիշ է տագնապի խորութեան,  որ կրնայ այս հունով ալ  շարունակուիլ։