image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի մէջ. «Քորոնա»ի հարցով յուսադրիչ լուրեր, սակայն ...

Լիբանանի մէջ. «Քորոնա»ի  հարցով  յուսադրիչ   լուրեր, սակայն ...

Լիբանանէն հաղորդուած     վերջին տուեալներուն համաձայն  «Քորոնա»  վարակի  տարածումը սկսած է դանդաղիլ  եւ այն կապուած է  մինչեւ  հիմա   գրանցուած  պարագաներու ընդհանուր թիւին հետ, որ  հասած է  121-ի։

Այս մասին  կը գրէ  «Նիտա  Ալ Ուաթան»  պարբերականը, որ նաեւ  զրուցած է  Առողջապահութեան նախարարի  խորհրդական Խըտըր Ռըսլանին  հետ։

Ռըսլան ըսած է, որ     իրենց ունեցած   վերջին տուեալները ցոյց կու տան, որ  վարակը հեռու է  ներքին  տարածման  վտանգներէն, քանի որ մինչեւ  հիմա  գրանցուած   վարակակիրները       արտերկրէն եկած հիւանդներու մօտիկ պարագաներ կամ   նոյնիսկ ազգականներն  են։

Պաշտօնեան նաեւ  նշած է, որ լիբանանցիք   պէտք է    շարունակեն «լուրջի առնել»    «Քորոնա»ի  վտանգները  եւ   մնան իրենց տուները։

Ան նաեւ հաւաստած է, որ առաջիկայ  օրերը  բաւական  ճակատագրական    են  այն իմաստով,  որ      այդ շրջանէն ետք է, որ  յայտնի պիտի դառնայ, թէ Լիբանանի  «Քորոնա»ի տարածումը ներքին տարածման   բնոյթ  պիտի կրէ  թէ  ոչ։

Նշենք, որ  մինչեւ այս  պահը Լիբանանի մէջ «Քորոնա»ի  հետեւանքով մահացած են  4  հոգի, որոնք բոլորն ալ առողջական    լուրջ  խնդիրներ ունէին։