Լիբանանի մէջ տնտեսական փլուզումը կը շարունակուի մեծ եւ բաւական վտանգաւոր թափով։ Այս մասին կարճ ուսումնասիրութիւն մը հրապարակած է Beirut.com կայքը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ մասնաւորապէս վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ փակուած են 785 ճաշարաններ եւ զբօսաշրջային կէտեր։
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ վերջերս փակուած ճաշարաններուն մէջ կան միջազգային վարկ ունեցող ցանցային-ճաշարաններ, որոնց մէջ ամէնէն յայտնին կը համարուի Pizza Hut-ը։
Ըստ նոյն աղբիւրին օտարերկրացի գործընկերներ ունեցող ճաշարանները եւս կը համարուին վտանգուած, որովհետեւ դէպի Լիբանան կամ Լիբանանէն դէպի արտասհման ելեւմտական կապը համարեայ թէ խափանուած է։
Յիշեցնենք, որ անցնող 17 հոկտեմբերէն սկսեալ Լիբանանը կ՚ապրի տագնապալի օրեր, իսկ փոփոխութեան համար ցոյցի ելած հազարաւոր լիբանանցիներ, այսօր արդէն յայտնուած են բաւական յուսալքուած վիճակի մը մէջ։
Այսօրուան համար լիբանանցիներու փրկութեան միակ լաստը վարչապետ Հասսան Տիապի գլխաւորած կառավարութիւնն է, որ սակայն կարիքն ունի արտաքին երեւելի ու յատկապէս արաբական դրամական նեցուկի։