image

Արարատ սրբազան սարը Հայաստանի կողմէն աւելի գեղեցիկ է...

Արարատ սրբազան սարը Հայաստանի կողմէն աւելի գեղեցիկ է...

Թրքական «Sabah» խոշոր հրատարակութիւնը յօդուած հրապարակած է, որուն մէջ կը տեղեկացնէ, որ «Forbes»-ը կազմած է Թուրքիոյ նահանգներու հիմնական քաղաքներու վարկանիշը՝ համաձայն պիզնեսի եւ ապրելու հարմարաւէտութեան, եւ իւրաքանչիւր քաղաքի պատմութիւնն ուղեկցուած է լուսանկարներով:

Վարկանիշի 76-րդ տեղը զբաղցնող Ակր քաղաքի համայնապատկերներուն հետ, հրատարակութիւնը հրապարակած է լուսանկար Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանէն՝ Արարատի տեսարանով:

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ տարածքներէն Արարատ լերան լուսանկարները կտրուկ կը տարբերին։

Յայտնի են Արարատի այն համայնապատկերները, որոնք առնուած են Հայաստնէն՝ Արարատեան դաշտէն, միչդեռ թրքական կողմէն՝ աստուածաշնչեան լերան տեսարանն աւելի քիչ տեսարժան է:

Յատկանշական է նաեւ, որ «Forbes»-ի կողմէ հրատարակուած թրքական շրջաններու վարկանիշային աղիւսակին մէջ Արեւմտեան Հայաստանի պատմական քաղաքներն են` Վան, Կարս, Արտահան, Իկտիր, կը գտնուին ցած հորիզոնականներու վրայ, որ պայմանաւորուած է Թուրքիոյ արեւելեան քաղաքներու ընկերային-տնտեսական թոյլ զարգացմամբ: