image

«Իմ առջեւ, որպէս գրող Արեւմտահայերէնը չդաւաճանելու խնդիր կայ դրուած» Տիգրան Գաբոյեան

«Իմ  առջեւ, որպէս գրող  Արեւմտահայերէնը  չդաւաճանելու  խնդիր կայ  դրուած» Տիգրան Գաբոյեան

Բանաստեղծ եւ թարգմանիչ Տիգրան Գաբոյեան օրերս  հիւրընկալուած է   Հայաստանի  «Հանրային Ռատիօ»ին կողմէ  դառնալով հիւրը    արեւմտահայերէնով    յայտագիրներ  ներկայացնող ՝Անի Արզումանեանին։

 

 Ստորեւ   մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը  յանձնենք  Գաբոյեանի    տուած  հարցազրոյցին  հիմնական    մասերը,  քաջ հաւատալով, որ Գաբոյեան  ինչպէս իր սերունդի   տարբեր անունները կը  շարունակէ  մնալ պատնէշի  վրայ, իրենց  առջեւ   (ինչպէս ինք գրողը կը վկայէ) դնելու   Արեւմտահայերէնով գրելու  եւ  այլ լեզուի    դարաւոր աւանդոյթները   վառ  պահելու  առաջադրանքը։

  Ստորեւ   հատուած մը   զրոյցէն։

  Տիգրան  Գաբոյեան արեւելեան եւ արեւմտեան տարբերակումներ չի դներ, յատկապէս համաշխարհայնացման այս օրերուն, արեւլեանը զատ աշխարհագրութիւն չունի գրականութեան մէջ։ Ներշնչանքը, ըստ  անոր, ժամանակ առ ժամանակ կը փոխուի  տեսակը, ձեւը, պարունակութիւնը ։

«Ճեղքերս քաղաքակրթութիւններու պատերով» վերջին ժողովածուն խոհա–փիլիսոփայական է, այնտեղ քաղաքակրթութիւններու բաղդատականները խթան հանդիսացած են, որպէսզի Տիգրան կարենայ պեղել արուեստը եւ բացայայտէ ատոնք բանաստեղծութեան միջոցով։ «Ճակատագրի դառնութիւնը , պզտիկ ազգի մէջ ծնիլը ծանր բեռ է»,– կ՛ըսէ Տիգրան։

Ան Հայաստանի մէջ ապրելով կրցած է  շրջանցել արեւելահայու եւ արեւմտահայու միջեւ եղած խրամատը։ «Հայաստանը բոլորիս հայրենիքն է, բայց գրականութեան մէջ կը մնայ այդ տարբերութիւնը։ Դուն ակամայ շարունակողն ես, մէկ կողմ դնելով արեւմտահայերէնը՝ ես ինծի հանդէպ անկեղծ չեմ ըլլար, մտատանջութիւնը կայ , ենթագիտակցաբար ձեւով մը կ’ըսեմ՝  որբ թողեցի այդ լեզուն, չդաւաճանելու խնդիր կայ»,– կը մտաբերէ Տիգրան՝ քաջ  գիտակցելով , որ արեւմտահայերէնը  հետզհետէ կը նօսրանայ։

Տիգրան իր բանաստեղծութիւնները գրած է արեւմտահայերէնով եւ դասական ուղղագրութեամբ։ «Այստեղ ե՛ս ես եմ , ինքնութիւնս է»։

«Կ՛ուզէի միմիայն նուիրուիլ գրականութեան ,գրական մշակ դառնալ, կեանքի բերումով չեղաւ» ,–ան նաեւ թարգմանիչ է այսօր։

Երիտասարդ  բանաստեղծը ապրած է Հայասատան տարբեր ժամանակշրջաններու մէջ։ Անոր նկատառումով ՝  պէտք է աւելի հպարտ զգանք հայ մշակոյթով, հայ մշակոյթի անցած ճանապարհով ․  մենք ունինք համաշխարհային մակարդակի արժէքներ , այդ արժէքներու գիտակցութիւնը մեծ բաւարարուածութիւն կու տայ մարդուս, զգաս, որ այդ մշակոյթի կրողն ես։

 

 

  Յիշեցնենք,  որ  «Արեւելք»ի  բարեկամ   Տիգրան  Գաբոյեան բանաստեղծ է եւ թարգմանիչ։ Արմատներով  Տիգրանակերտցի ծնողներէ ան ծնած է Հալէպ։  Վերջերս լոյս տեսաւ    Գաբոյեանի բանաստեղծական «Ճեղքերս քաղաքակրթութիւններու պատերով»  երրորդ ժողովածուն` Հայաստանի կրթութեան գիտութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայաստանի գրողներու միութեան հովանաւորութեամբ:

Տիգրան Գաբոյեան անդամ է Հայաստանի գրողներու միութեան եւ կ’աշխատի «Արմէնբրես»  լրատուական գործակալութեան  մէջ` որպէս արաբերէնի թարգմանիչ ու խմբագիր։ Ան կ’ապրի Հայաստանի մէջ՝ ընդմիջումներով։

Ան  մանուկ  հասակէն  բանաստեղծութիւններ կը գրէ. Տիգրանի առաջին քաջալերողները եղած են  անոր  ուսուցչուհին եւ մայրը : Առաջին անգամ գրած է հայրենասիրական եւ Արարատի նուիրուած գործեր։

 

 

 

«Դէպի երկինք արձակուած նետ» եւ «Անմաս» բանաստեղծական ժողովածուները Տիգրան Գաբոյեանի  նախորդ գիրքերու անուններն են։

 

 

Նիւթը ՝«Արմռատիօ» Կայքէն։