image

Երեւան թռիչքներ իրականացնող Atlas Global-ը սնանկացած. Իսթանպուլի հայկական շրջանակներուն համար անորոշութիւն

Երեւան թռիչքներ  իրականացնող    Atlas Global-ը  սնանկացած. Իսթանպուլի հայկական  շրջանակներուն համար  անորոշութիւն

Իսթանպուլէն Երեւան եւ   յետադարձ  կերպով   Երեւանէն-Իսթանպուլ թռիչքներ իրականացնող  Atlas  Global օդանաւային  ընկերութիւնը սնանկացած   է։ Այս  մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  Պոլսոյ իր աղբիւրէն։

Նշենք, որ ընկերութիւնն   անցեալ  դեկտեմբերէն սկսեալ   դադրեցուցած  էր աշխարհի   տարբեր ուղղութիւններով  կատարուող    թռիչքները։

«Արեւելք»ի    Պոլսոյ աղբիւրներուն  համաձայն, սնանկ  յայտարարուելու  վերաբերեալ  տեղեկութիւնները լայնօրէն  տարածուած են  նաեւ  Պոլսոյ  հայաստանցիներու   շրջանակներուն մէջ,  տրուած  ըլլալով,  որ դէպի  Հայաստան  ուղիղ  թռիչք  կատարող միակ   հնարաւորութիւնը Atlas  Global-ը կու  տար:

Ներկայ    պահու դրութեամբ  ոչ մէկ այլընտրանքային տարբերակի մասին    լուրեր կամ տուեալներ   չկան. Պոլսէն  Երեւան  գալու համար     մեր  հայրենակիցները ստիպուած են    Երեւան  հասնիլ  Թիֆլիսի կամ Աթէնքի  վրայով։

 Անկախ   դրամական   յաւելեալ  ծախսերէն,      այդ  ճամբորդութիւններուն վրայ    կը բարդուին   ժամանակի,     ցամաքային   ճանապարհներու, ինչպէս նաեւ       նախատեսուած  թռիչքներուն համար ըլլալիք  յատուկ կարգադրութիւնները, որ ամէն պարագայի տակ  տհաճ   անձկութիւն կը պատճառեն    երկու ուղղութիւններով ճամբորդութիւն    կատարող   ուղեւորներուն։