image
Հրատապ լուրեր:

Դէպի Հայաստան առաջին այցը. իբրեւ Պատրիարք. Սահակ Բ. պիտի մասնակցի Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդի նիստին

Դէպի Հայաստան առաջին  այցը. իբրեւ Պատրիարք. Սահակ  Բ.  պիտի մասնակցի   Հոգեւոր  Գերագոյն  Խորհուրդի  նիստին

Պոլսոյ  նորընտիր  Սահակ Բ. Պատրիարքը    պիտի մասնակցի   Մայր Աթոռ  Սուրբ Էջմիածնի  մէջ    կայանալիք  Գերագոյն   Հոգեւոր   Խորհուրդի  լիագումար  նիստին։

Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ   Պոլսոյ  իր աղբիւրներէն։

Մեր  ունեցած  տուեալներով,  Սահակ  Բ.  Պատրիարքը      Պոլսոյ Միաբանութեան կարգ մը  միաբաններու  ընկերակցութեամբ   պիտի  ժամանէ   Թբիլիսի  եւ ընդունուի    Մայր  Աթոռ Ս.  Էջմիածնի  պատուրիակներուն   կողմէ, որոնք     ցամաքի   ճանապարհով  Պատրիարքին պիտի ընկերակցին՝   հասնելու  համար    Երեւան  ու ապա՝  Էջմիածին։

Նշենք, որ  սոյն  այցելութիւնը կը համարուի  առաջինը, որ  Սահակ   Եպս.  որպէս Պատրիարք  կը կատարէ.  խորհրդանշականօրէն  Պատրիարք   հայրը      Էջմիածինը  ընտրած է, որպէս առաջին ուղեւորութիւն եւ առաջին կայան։

Ինչ կը վերաբերի   Պատրիարքին   հետ ըլլալիք  թղթածրարին,     ապա  այդ մասին  «Արեւելք»  պիտի անդրադառնայ   աւելի ուշ։