image
Հրատապ լուրեր:

Նոր Ջուղայի մէջ հոգեհանգիստ Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան զոհերու յիշատակին.Alikonline

Նոր Ջուղայի  մէջ  հոգեհանգիստ  Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան  զոհերու  յիշատակին.Alikonline

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակի 41-րդ տարեդարձին առիթով, Հինգշաբթի՝ 6 Փետրուարի առաւօտեան, Նոր Ջուղայի հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ՝ Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմի հայ նահատակներու յիշատակին կանգնեցուած յուշաքարին մօտ, հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ նահատակներու՝ ի մասնաւորի պարտադրեալ պատերազմի ընթացքին ինկած հայ նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար։ Այս մասին կը յայտնէ Alikonline.ir-ը։

Արարողութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով արտայայտուեցաւ Արիս Դաւթեան, շեշտելով, թէ Իրանի կրօնական փոքրամասնութիւնները իրենց անժխտելի դերակատարութիւնը ունեցած են երկրի հողային ամբողջականութեան պաշտպանման, ինչպէս նաեւ զանազան ոլորտներու մէջ զարգացման ու բարգաւաճման ուղղութեամբ, ընդգծեց, թէ իրանցիները երախտապարտ են իրենց նահատակներուն, քանի որ երկրի այսօրուան ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը ձեռք բերուած է անոնց թանկագին արեան շնորհիւ։

Օրուան առիթով խօսքով եւ ասմունքով հանդէս եկան նոր սերունդի ներկայացուցիչներ, «Քանանեան-Կատարինեան» դպրոցի աշակերտներ՝ Վանէ Յովսէփեանն ու Արթուր Քամարզարեանը, ապա թեմակալ առաջնորդի նախագահութեամբ եւ եկեղեցական դասի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։

Աւարտին՝ ներկաները խունկ ծխեցին Իրան-Իրանք պարտադրեալ պատերազմի ընթացքին նահատակուած թեմիս վեց զաւակներ՝ Վրէժ Բաղումեանի, Մկրտիչ Թումասեանի, Հրաչ Յակոբեանի, Ռայմոնտ Բաղրամեանի (Խաթուն-Նեժադ), Վարդան Աբրահամեանի եւ Հենրիկ Տէր-Յովհաննիսեանի յուշաքարերուն առջեւ։

Արարողութեան ներկայ էին Իսլամական մշակոյթի եւ առաջնորդութեան Սպահանի գերատեսչութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարները, ազգային մարմիններու անդամները, Իրանի կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները, հայ նահատակներու հարազատները, «Քանանեան-Կատարինեան» միջնակարգ դպրոցի պատասխանատուներն ու աշակերտ-աշակերտուհիները եւ հայ ու պարսիկ հայրենակիցներ։