image

Յորդանանի Ապտալլա Պըն Հիւսէյն Թագաւորը Երեւան պիտի այցելէ

Յորդանանի Ապտալլա  Պըն  Հիւսէյն  Թագաւորը Երեւան   պիտի  այցելէ

 Յորդանանի  Ապտալլա   Բ. Թագաւորը    Երեւան  պիտի այցելէ։

 Այս մասին տեղեկութիւնը   հաղորդած  է  ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի գրասենեակը։

 Կը նշուի, որ  Ապտալլա  Թագաւորի    այս այցը  առաջինն է իր տեսակին մէջ եւ  ան   սոյն  այցով  կ՚ընդառաջէ   նախագահ Սարգսեանի     կողմէ ներկայացուած  հրաւէրին։

 Նշենք, որ երկու առաջնորդները    իրար հանդիպած էին  ՀՀ   անցեալ տարուան  ապրիլին,  երբ նախագահ   Սարգսեան  պաշտօնական  այցելութեամբ  կը գտնուէր Յորդանան։

 Իր   այցի շրջանակներուն մէջ Ապտալլա Թագաւոր  պիտի  հանդիպի   ՀՀ  քաղաքական  աւագանիին  հետ,    պիտի  դառնայ  հիւրը  Ամենայն   Հայոց  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Գարեգին Բ-ն  Հայրապետին, ինչպէս  նաեւ   պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ   յարգանքի տուրք  մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան   զոհերու  յիշատակին։

 

Ապտալլա  Թագաւոր որդին է    իր հայամէտ  մօտեցումներով քաջ  յայտնի    Հիւսյէն  Թագաւորին,  եւ  ան  թագաւորական   գահ  բարձրացած է     1999 թուականին։