image
Հրատապ լուրեր:

Սահակ Բ. Պատրիարք խօսած է Ցեղասպանութեան մասին

Սահակ Բ. Պատրիարք խօսած է Ցեղասպանութեան մասին

Թրքական հերթական լրատուամիջոցը հարցազրոյց վարած է Պոլսոյ Հայոց նորընտիր պատրիարք, արք. Սահակ Մաշալեանի հետ։

Թրքական Hurriyet–ի թղթակիցը Մաշալեանի հետ զրոյցի ժամանակ կրկին փորձած է հետաքրքրուիլ Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի շուրջ Հայոց պատրիարքի տեսակէտով։ Պատրիարք Մաշալեանը կրկին դիւանագիտօրէն փորձած է պատասխանել զգայուն այս հարցին:

«Մեր ակնկալիքն այն է, որ հայ ժողովուրդի կորուստներն ու տառապանքները հասկնան։ Մենք գիտենք, քանի որ վերապրեր ենք այն։ Բայց այս երկրին մէջ այնքան ալ լաւ չեն գիտեր։  Այս երկրին մէջ այնպէս կը ներկայացուի, կարծես ազգային փոքրամասնութիւնները հարուստ ու ուրախ կ'ապրին: Բայց բնաւ այդպէս չէ ոչ հիմա, ոչ ալ անցեալին։ 24 Ապրիլի հետ կապուած պէտք է ուղղուիլ դէպի ապագայ, ոչ թէ անցեալ։ Երբ հարազատ մարդ կը կորսնցնես, անոր չես կրնար ետ բերել, սակայն կ'ուզես սուգը պահել։ Մարդիկ պէտք է յարգեն իրար սուգը եւ կիսեն ցաւերը։ Քանի որ երբ ցաւերը կը կիսեն, այն կը քիչնայ, երբ ուրախութիւնը կը կիսեն, այն կը շատնայ»,–ըսած է Մաշալեանը։