image

Հալէպցի խիզախ լրագրող՝ Քինանա Ալլուշ վիրաւորուած (Լուսանկարներ)

Հալէպցի  խիզախ  լրագրող՝  Քինանա Ալլուշ  վիրաւորուած (Լուսանկարներ)

Հալէպ քաղաքի շուրջ ընթացող զարգացումները լուսաբանելու նպատակով   «Ալ Քարասի»  շրջանէն անցնող  սուրիացի  լրագրողներու  շարասիւնը երէկ   թիրախ  դարձած է ահաբեկիչներու  գրոհին։

Այս  մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Սանա»  գործակալութիւնը։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ    թիրախ  դարձած   շարասիւնին մէջ գտնուած է հալէպցի հանրածանօթ լրագրող Քինանա  Ալլուշ, որ իր գործընկերներուն հետ  փոխադրուած է հիւանդանոց՝ համապատասխան բուժումներ     ստանալու համար։

Նշենք, որ Հալէպի շրջանակներուն համար իր քաջարի կեցուածքներով եւ արհեստավարժ գործունէութեամբ յայտնի Քինանա Ալլուշը վերջին շրջանին կը թղթակցի «Սամա» կայանին։