image
Հրատապ լուրեր:

«Քորոնա»ի տագնապ. Եուհան ապրող հայուհի՝ Սուսաննա Աղաջանեանը տարհանուեցաւ

«Քորոնա»ի  տագնապ. Եուհան  ապրող հայուհի՝  Սուսաննա  Աղաջանեանը  տարհանուեցաւ

 Չինաստանի  Եուհան  քաղաքի   բնակիչ  ուսանողուհին  այսօր  տարհանուած է։

Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է  ՀՀ ԱԳՆ  մամլոյ խօսնակ  Աննա  Նաղտալեանը։

 Նաղտալեան     նաեւ նշած է, որ Սուսաննայի տարհանումը եղած է Ղազախստանի   պաշտօնական  մարմիններու  հետ   համագործակցութեան արդիւնքով։

Կը նշուի նաեւ, որ Սուսաննան   արդէն իսկ հասած է Ղազախստան,  եւ       յառաջիկային ալ պիտի ժամանէ  Հայաստան։

Յիշեցնենք, որ Սուսաննա Աղաջանեանը   Եուհան  կը բնակէր ուսումնառութեան  նպատակով եւ ան կը պատրաստէր  ստանալ  Չինարէն լեզուի  եւ գրականութեան  Մագիստրոսի  աստիճան։