image
Հրատապ լուրեր:

«Չի բացառուիր, որ «Քորոնա» ժահրը քաղաքական նպատակներու կը ծառայեցուի.Բժիշկ Ռաֆֆի Փօլատեան

«Չի  բացառուիր, որ «Քորոնա»   ժահրը  քաղաքական նպատակներու   կը ծառայեցուի.Բժիշկ Ռաֆֆի Փօլատեան

Ինչպէ՞ս   պայքարիլ «Քորոնա»   ժահրին դէմ. լիբանանահայ   յայտնի բժիշկը  խորհուրդներ   տուաւ մեր  ընթերցողներուն.

 

 

-Ձեր կարծիքով,   իրապէ՞ս   վտանգաւոր է  «Քորոնա» ժահրը  կամ  եղածին վերաբերեալ բարձրացուած  աղմուկը  ուռճացուած է։


Քորոնա ժահրը, այո՛, իսկապէս վտանգաւոր է  եւ  վերջին տուեալներով   այն  կը համարուի   ՄԱԿ-ի  հովանիին տակ գործող  Միջազգային  Առողջապահութեան Գործակալութեան  ամենավտանգաւոր ժահրերու  ցուցակին   մաս կազմող   ժահրերէն մին։  Այդպէս համարելով «Քորոնա»ն   դարձաւ   վտանգաւորութեան   ամենաբարձր  ցուցանիշ ունեցող կարմիր   գոյնով   ներկայացուող ժահր։ 

«Քորոնա»ն վտանգաւոր է, որովհետեւ շատ արագ կրնայ փոխանցուիլ, նամանաւանդ    յաճախ  ճամբորդութեան ենթակայ մարդոց մօտ, որովհետեւ շատ լաւ գիտէք, որ օդանաւերուն մէջ մարդիկ արհեստական թթուածին կը շնչեն, եւ այդ պայմաններուն մէջ եթէ մէկ հոգի անընդհատ փռնգտայ, հազայ, կրնայ կողքիններուն փոխանցել եւ կրնայ ամբողջ օդանաւին մէջ գտնուողներուն վարակել: Այստեղ  պէտք է  նշել, որ  «Քորոնա»ի  պարագային  մտահոգիչն  այն է, որ վարակը  կրողներուն  մօտ  այն   կրնայ մինչեւ 14 օր չերեւալ եւ  յետոյ  մէկ անգամէն երեւալ...  Այս մէկն  իսկական հարց ծագեցուցած է, տեսնենք, թէ ինչպէս առաջքը պիտի կարենան առնել:

Հետեւաբար, ժահրին  շուրջ  ստեղծուած աղմուկը ուռճացուած չէ, սակայն  կայ   մօտեցում, որ կարգ մը լրատուական գործակալութիւններ  մը չափէն դուրս կը փորձեն     պատկերը աւելի ուռճացնել    եւ այդ մէկը կը կատարեն  յետին նպատակներով։

 

-Չինաստանէն   հեռու եղող  երկիրները,  օրինակի համար, ինչպիսին են՝ ԼիբանանըՍուրիան, Հայաստանը   արդեօ՞ք վտանգուած են այս ժահրի  փոխանցումով։  


Նախ ըսեմ, որ հիմնական վտանգաւոր տեղերը մեծ օդակայաններն են, անոնք, որոնք       ցամաքամասերու միջեւ կապող օդակայաններ   կը համարուին  եւ ուր  ուղեւորահոսքը   շատ մեծ  է: Իմ ունեցած տուեալներով,      պէտք է  խուսափիլ մի քանի մեծ   օդակայաններէ, ինչպիսին են ՝ Մալէզիոյ միջազգային օդակայանը, Սինկափուրի միջազգային օդակայանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու՝ Ապու Տապիի եւ Տուպայի մեծ օդակայանները, Տոհայի օդակայանը, Իսթանպուլի օդակայանը եւ  որպէս Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ գտնուող մեծ օդակայաններէն, Լոնտոնի եւ Ֆրանսայի «Շարլ տը Կոլ»ի օդակայանները:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, Հայաստանին  եւ Սուրիոյ, մինչեւ այս պահը  մեծ անհանգստութեան  պատճառ մը  չունինք, սակայն, ինչպէս գիտէք, կրնան ըլլալ Չինաստանէն, օրինակ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եկած մարդիկ, ուրկէ ալ ուղղուին Հայաստան կամ Լիբանան, եւ եթէ այդ անձը վարակուած է,  կրնայ  վարակը փոխանցել շուրջիններուն, մանաւանդ այն մարդոց, որոնց, անքնութեան կամ որեւէ այլ պատճառով, մարմնի դիմադրողականութիւնը թուլացած է։


-Կան  տեղեկութիւններ, որ այս ժահրը   «զարգացուած» եւ ապա  «դուրս եկած» է Չինաստանի   Ուահան  քաղաքին մէջ գործող բժշկագիտական ծառայութիւն իրականացնող   տարրալուծարանէ մը:  Կը  հաւատա՞ք   այդ վարկածին։


Հիմա, այն ինչ որ ես կարդացի, բժշկագիտական կեդրոնէ դուրս եկած է, ուր ֆրանսացիներ փորձարկումներ կ'ընեն, սակայն իմ կարծիքով, շատ ճիշդ չէ այդ լուրը: Եթէ Ուահան  քաղաքի  մասին է խօսքը, նախ նկատի ունենանք, որ Ուահան նահանգը մօտաւորապէս Սուրիոյ կէսին չափ է, այնտեղ ճարտարարուեստական, դեղամիջոցներու տարրալուծարաններու, գործարաններու շատ մեծ կեդրոններ կը գործեն, ունի միլիոնաւոր բնակչութիւն:  Իսկ  ինչ տուեալ,  որ  մինչեւ հիմա մեր ձեռքը ունինք, կ'ըսէ, որ  «Քորոնա»ն  օձերէ եկած վարակ  է,   բան մը, որ համոզիչ է։ Այս ժահրի աղբիւրը  կրնան  օձերը ըլլալ, որովհետեւ բոլորիս ծանօթ է, որ Չինաստանի մէջ օձերու վաճառականութիւնը տարածուած է,  այնտեղ մարդիկ օձի միս կ'ուտեն. կը մնայ գտնել, թէ ինչպէս զարգացաւ այս  վարակը... 

Առ ի գիտութիւն ըսեմ նաեւ, որ «Քորոնա»ն նորութիւն մը   չէ, ան  վաղուց կար, բայց այն գործօնը, որ մէկ անգամէն պատճառ դարձաւ համաճարակի աստիճանի հասնելուն,  հաւանաբար շրջանի բնակչութեան մէջ տարածուելու՝ անոնց կենցաղին մէջ  առկայ  սխալներու  հետեւանք է։

 

-Պետական մարմիններ եւ ծառայութիւններ  ի՞նչ  քայլերու պէտք է դիմեն՝  իրենց երկիրները   հեռու  պահելու  այս  մահացու ժահրէն։


Պետական մակարդակով  հետեւեալը կրնանք ըսել, ժահրի փոխանցման առաջքը առնելու համար, սահմանային հսկողութեան դրութիւն պէտք է որդեգրուի, երկրի օդակայաններուն, նաւահանգիստներուն, սահմանային կէտերուն ջերմաստիճանի  քննիչ  սարքեր պէտք է  տեղադրուին, որ անմիջապէս բոլոր երկիր մուտք գործողներուն  ջերմութիւնը  հսկուի  եւ անոնք, որոնց ջերմաստիճանը 38,5-էն վեր է, մեկուսացուին: Եթէ այդպիսի սարք չունին, ապա բժշկական անձակազմեր, իրենց յատուկ հագուստներով կրնան օդանաւ մուտք գործել եւ սովորական ջերմաչափերով բոլորին ջերմաստիճանը չափել: Եթէ մէկու մը հանդէպ կասկած ըլլայ, անոր կրնան   առողջապահական  մեկուսարան   առաջնորդել (քարանթին)։ Այստեղ  պէտք է նշել, որ նման   պարագաներու  համար  պէտք եղած բոլոր տեսակի  ծախսերը  կը տրուին   հիւանդ   անհատի պետութեան   կողմէ,  բան մը  որ   միջազգային համաձայնութեան  հիմքով  կը կատարուի։ 

 

-Իսկ ի՞նչ  խորհուրդ կու տաք  քաղաքացիներուն, ի՞նչ  քայլեր պէտք է առնեն  անոնք  այս վարակէն զերծ մնալու համար։  


Պէտք է անպայման ձեռքերը  ջուրով եւ օճառով լուան, եթէ շրջապատին մէջ կասկածելի որեւէ մէկը կայ, որ անընդհատ կը փռնգտայ, անկէ հեռու մնան, մարդոց հետ հանդիպելու ժամանակ ձեռնուելու կամ համբուրուելու սովորութենէն զերծ ըլլան, երբ մէկը հարբուխ է եւ փռնգտաց ու անոր աչքէն արցունք արտահոսեցաւ, քթահոսութիւն եղաւ, այդ հեղուկներէն հեռու մնան։ Ու  նաեւ  աչքերը, քիթը, բերանը լուան   ու չորցնեն, վերջը՝ այն մակերեսները, որոնց վրայ կրնայ փռնգտալու պատճառով լորձունքի կաթիլներ յայտնուիլ, անընդհատ հականեխեն, այդ մակերեսները մաքրել, եւ ամէնէն կարեւորը՝ կենդանիներէն հեռու մնան, եթէ անհանգիստ  են , անպայման մարդոցմէ հեռու մնան, մեծ քանակութեամբ հեղուկներ ընդունին, որպէսզի   մարմինը չջրազրկուի:

Ըսեմ, որ կարգ մը լրատուական գործակալութիւններու կողմէ տարածուած լուրը, թէ  ժահրը մեկուսացնող    պատուաստը  գտնուած է, յերիւրանք է։ Մինչեւ այս ժամը չկայ այդպիսի բան մը, սակայն այդ չի նշանակեր, որ մարդիկ լծուած չեն  պատուաստ մը գտնելու աշխատանքին, բայց առ այսօր, կ'ընդգծեմ, որ  «Քորոնա»ի պատուաստ  մը գոյութիւն չունի:


-Եղածին մէջ   քաղաքական   «դաւադրութեան  տեսութիւններ»ու մասին լսած  է՞ք  եւ այդ առումով ալ ի՞նչ է ձեր տեսակէտը։


Այո՛, քաղաքական վարկածը հոս արդէն իր տեղը ունի, որովհետեւ Չինաստանը,   մեծ  տէրութիւններու մաս կազմող  մրցակից երկիր  է, եւ որեւէ փորձանքի առաջ գտնուելուն պէս, շահագրգիռ կողմեր կը սկսին թեման շահարկել։ Այսօր եթէ ժահրի պատճառով չինական մեծ քաղաք մը փակուեցաւ, Շանկհայ քաղաքի  ունեցած  մեծ օդակայանի մը ուղեւորներիւն  թիւը յիսուն տոկոսով նուազեցաւ, անշուշտ, որ Չինաստանի պէս միլառ ու կէս հաշուող երկրի մը համար տնտեսական ծանր վնասներ կրնայ առաջացնել: Բայց ես կը կարծեմ չինացիներուն համար այս մէկը մեծ հարց մը չէ, մէկ շաբաթ, տաս օրէն կը գտնեն ճարը, քանի որ, չմոռնանք, այսօր համայնավարական կեդրոնացած կառավարութիւն մը ունին, որ իր հերթին ունի ամէն դիրութիւնները՝ ե՛ւ նիւթական, ե՛ւ մարդկային, ե՛ւ դեղորայքային, հետեւաբար ամէն ձեւով կրնան առաջքը առնել, մանաւանդ, որ չին  ժողովուրդը իր կառավարութեան անսացող      ժողովուրդ է։