image
Հրատապ լուրեր:

Վերջին Ժամ. Էլազըղի երկրաշարժ. Զոհերուն թիւը հասած է 20-ի. Կան 30-է աւելի կորսուածներ

Վերջին Ժամ.  Էլազըղի  երկրաշարժ. Զոհերուն թիւը հասած է 20-ի. Կան  30-է  աւելի     կորսուածներ

Թուրքիան  հարուածած   երկրաշարժին հետեւանքով զոհուածներուն թիւը հասած է  20-ի եւ   այն կրնայ  բարձրանալ։

Այս  մասին    լրատւութիւնը  կատարեց   թրքական «Տէյլի  սապահ»ը  նշելով նաեւ, որ    Էլազըղը հարուածած  երկրաշարժի ուժգնութիւնը  6.8       ռիխթըր աստիճանի   է։

Կը  նշուի նաեւ, որ  երկրաշարժին հետեւանքով  փլուզուած է   առնուազն  չորս  շէնքեր,  որոնց մէջ եղող բնակիչներէն շատ-շատերը   մինչեւ այս  պահը  կը համարուին կորսուածներու  շարքին։

Նախնական  տուեալներով,        երկրաշարժին  զոհ  գացածներուն թիւը  հասած է  20 -ի, իսկ  30   ուրիշներ  կը համարուին  կորսուածներ։

Յիշեցնենք, որ «Արեւելք»   աւելի վաղ  գրած  էր,   եղելութեան  մասին,  յայտնելով , որ  երկրաշարժին ցնցումը  զգացուած  Սուրիոյ  Հալէպ քաղաքին  մէջ։