image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ 18 Յունուարի դէպքերուն ՝ 169 վիրաւոր

Պէյրութի  մէջ  18 Յունուարի դէպքերուն ՝ 169 վիրաւոր

Պէյրութի  բախումներուն հետեւանքով  վիրաւորուածներուն թիւը  հասած է   169-ի։ 

Այս մասին  տեղեկութիւնը հաղորդեց  MTV  կայանը, նշելով, որ   վիրաւորներուն մեծ  մասը   հիւանդանոց  փոխադրուած է  «Լիբանանի  կարմիր խաչ»ի  օգնութեամբ։

Կը նշուի  նաեւ, որ կարգ մը  վիրաւորներու  պարագան  մտահոգիչ է, որովհետեւ անոնք   հարուածներ  ստացած են իրենց  գլուխէն։

Իրավիճակը    ծանրացած է  այն բանէն  ետք, երբ ցուցարարներու մէկ մասը   անցած է  խուլիկանական արարքներու՝  ջարդելով     դրամատուներու եւ  վաճառատուներու   ցուցափեղկեր  ու   աւելի ուշ  քարեր եւ պայթուցիկ նիւթեր  նետելով ՆԳՆ-ի  ուժերուն   ուղղութեամբ։

Կը նշուի նաեւ, որ       փոքր չէ թիւը   ՆԳՆ-ի  ուժերու շարքերուն մէջ վիրաւորներուն,  յայտնելով նաեւ, որ  կարգ մը ոստիկաններ   ներկայիս կը  գտնուին  հիւանդանոցներու վերակենդանացման  բաժնին մէջ։

Յիշեցնենք, որ    այսօր   իր լրումին կը հասնի   համալիբանանեան  տարողութիւն ունեցող ցոյցերուն   95-րդ օրը եւ մինչեւ  այս պահը երկրի տագնապին  նպաստաւոր    լուծում մը գտնելու     յոյսերը կը շարունակեն մնալ աննշան։