image

Մեծ բախումներ Պէյրութի մէջ. Կան վիրաւորեալներ

Մեծ  բախումներ  Պէյրութի մէջ. Կան վիրաւորեալներ

Այսօր,  յետմիջօրէի   ժամերէն  սկսեալ,  լայնածաւալ  բախումներ   գրանցուած  են Պէյրութի  կեդրոնական  շրջաններուն մէջ։ Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ  LBCI կայանը,  նշելով, որ   ցուցարարներուն եւ   ապահովական մարմիններուն  միջեւ   բախումները  կ՚ընթանան    յատկապէս    «Ալ Նըժմէ»  հրապարակին շուրջ, ուր կը գտնուի  երկրի խորհրդարանի      շէնքը։

Բախումներու ընթացքին ցուցարարներ  կը  քանդեն     վաճառատուներու  ցուցափեղկերը  եւ    պայթուցիկ   նիւթեր  կ՚արձակեն       ապահովական  տարրերու ուղղութեամբ, իսկ ՆԳՆ-ի մասնայատուկ ուժերը  արցունքաբեր կազ կը  գործածեն՝ ցրելու համար ցուցարարները։

Ըստ  «Ալ  Արապիյա» կայանին,    բախումներուն հետեւանքով  գրանցուած են   տասնեակ  վիրաւորներ, որոնց մի քանիին  վիճակը       ծանր է։

Յիշեցնենք, որ  անցնող  շաբթուան ընթացքին  եւ գրեթէ  ամէն գիշեր նմանատիպ բախումներ գրանցուեցան մայրաքաղաքի     կարեւոր համարուած    թաղամասերուն   մէջ  ու երեւելի դարձաւ   նաեւ, որ բախումները  կեդրոնացած  էին ՆԳՆ-ի  կարեւոր  կեդրոնատեղիներուն  շուրջ։

Անցնող    17 հոկտեմբերին   սկիզբ  առած    համալիբանանեան  ցոյցերու   մասնակիցները կը պահանջեն   երկրի քաղաքական վերնախաւին հեռացումն  ու նոր     «թէքնոքրաթ»-մասնագէտներու   կառավարութեան մը կազմութիւնը։

 

Վարչապետ Հասսան Տիապ, որ      անցեալ  19  դեկտեմբերին    ստանձնեց    վարչապետի  պաշտօնը, մինչեւ այս պահը  չի   կարողանար  յաջողութեամբ պսակել  նոր կառավարութիւն մը  կազմելու իր առաքելութիւնը։