«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Հալէպ քաղաքի նահանգային խորհուրդի անդամ ՝ Շահէ Մինասեանը.
- Երէկ Հալէպը կրկին ապրեցաւ դժուար օր մը, ի՞նչ է պատճառը այս սրացման եւ ի՞նչ էին հետեւանքները:
Գիտենք, որ Հայ Ալ Ռաշիտին, Լայրամուն եւ Ալ Զահրա շրջաններուն մէջ տակաւին ահաբեկչական խումբերը ներկայութիւն են, եւ անոնք նոյն այս թաղամասերէն կատարեցին յարձակումները եւ հրթիռներ արձակեցին Հալէպի խաղաղ բնակչութեան որոշ թաղամասերու վրայ: Ըստ իս պատճառը այն է, որ սուրիական զօրքը կը պատրաստուի իր ուժերով եւ իր ամբողջ կարողութեամբ յարձակման անցնիլ, ազատագրելու այն թաղամասերը, որոնք ահաբեկչական խումբերու հսկողութեան տակ են:
Անշուշտ այս հրթիռներու հետեւանքով ունեցանք զոհեր, նահատակներ, կան վիրաւորներ եւ ցաւոք սրտի անոնց մէջ կան նաեւ փոքրիկներ: Ինչպէս նաեւ կան նիւթական մեծ վնասներ: Սակայն զօրքը մտադիր է այդ թաղամասները մաքրել ահաբեկչական խմբակներէն, քանի որ եթէ այս մաքրագործումը կատարէ, հետեւանքը կ'ըլլայ Հալէպ Դամասկոս մայր ճամբուն բացուելու կարելիութիւնը:
- Իսկ ի՞նչ է վիճակը հայկական շրջաններուն մէջ:
Ինչ կը վերաբերի մեր հայկական թաղամասերուն, կարելի է ըսել, որ հայկական շրջանները խաղաղ են, եւ այս վերջին գրոհներէն մեր շրջանները ոչ մէկ վնաս կրեցին։ Միեւնոյն ժամանակ կրնանք ըսել, որ ժողովուրդը մտահոգ է ի տես ստեղծուած իրավիճակին։ Յուսանք այս հրթիռները այսչափով կ'աւարտին եւ նոր զարգացում չեն ըլլար։ Անշուշտ մեր բոլորին փափաքն է, որ Հալէպ քաղաքի բնակչութիւնը աւելի խաղաղ եւ հանգիստ կեանք մը կ'ապրի:
- Ի՞նչ զարգացումներ կ՚ակնկալէք։
Ինչպէս վերը նշեցի, այսօր մեր բանակի գլխաւոր խնդիրը այդ թաղամասերու ազատագրումն է։ Այդ փուլէն ետք մենք ականատես պիտի ըլլանք Հալէպ-Դամասկոս մայր ճանապարհի բացմանը, նոյնպէս Հալէպի օդակայանի վերաբացմանը, քանի որ այդ թաղամասերը շատ մօտ են օդակայանին: Ես կը կարծեմ, որ զօրքը մտադիր է այս անգամ անպայման ազատագրելու այս թաղամասերը, եւ այդ պատճառով ալ, իր բոլոր ուժերը ուղղած է դէպի այն կողմ: Իսկ այդ առաջադրանքի իրականցման ժամկէտը միայն սուրիական զօրքի ղեկավարները գիտեն... Ի վերջոյ բոլորս յոյսով ենք, որ մօտ ժամանակին բոլորս լաւ լուրեր պիտի ստանանք Հալէպի վերջնական ազատագրման մասին: