image

Հալէպը դարձեալ հրթիռակոծումներու թիրախ. Կան զոհեր եւ վիրաւորներ (Լուսանկարներ)

Հալէպը դարձեալ հրթիռակոծումներու թիրախ. Կան զոհեր եւ վիրաւորներ (Լուսանկարներ)

Հալէպ   քաղաքի   արեւմտեան շրջաններն  այսօր      թիրախ դարձած են  ահաբեկչական խմբաւորումներու   հրթիռարձակումներուն։

Տասնեակ   հրթիռներ ինկած են Հալէպի խաղաղ  բնակչութեան  Շիխան,   Ալ Նիլ, Սապիլ, Թըշրին, Շահպաա,  Ճտայտէ եւ այլ    թաղամասերուն վրայ։

Հալէպցի լրագրող Քինանա  Ալլուշ, որ   դէպքերուն մասին կարճ  տեսանիւթ մը հրապարակած է,  նշած է, որ   այսօրուան  գրոհներուն հետեւանքով զոհուած է  հալէպցի  ուսանող   երիտասարդ մը,  իսկ «Սանա»  գործակալութեան հաղորդմամբ    գրանցուած են    3  զոհեր, մինչ   3   ուրիշներ  ծանրօրէն  վիրաւորուած են։

«Արեւելք»  քիչ   առաջ  կապ  հաստատեց Հալէպի հայաբնակ  շրջաններու  իր աղբիւրին հետ. մեր ունեցած տուեալներով եղած   ռմբակոծումները  բաւական  հեռու են հայկական շրջաններէն  ու ընդհանրապէս այս պահուն խաղաղ իրավիճակ կը  տիրէ։