image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանահայ Յովսէփ Վարդանեանը կարիքն ունի մեր օգնութեան

Լիբանանահայ   Յովսէփ   Վարդանեանը  կարիքն ունի մեր  օգնութեան

Վերջերս Երեւան  հաստատուած լիբանանահայ երիտասարդ  Յովսէփ Վարդանեան  կարիքն ունի մեր օժանդակութեան։

Այս մասին «Արեւելք»    տեղեկութիւն ստացաւ  Յովսէփին մօտիկ  եղող  բարեկամներէ։ Մեր ունեցած  տուեալներով,    շաքարախտէ  տառապող   Յովսէփ  վերջին   օրերուն   փոխադրուած  է հիւանդանոց եւ ենթարկուած   ոտքի հատման  ծանր գործողութեան. կը  հաղորդուի  նաեւ, որ  բժիշկները   փրկելու համար Յովսէփի  կեանքը  ստիպուած եղած են  հատել անոր ոտքը։

Յովսէփ ներկայիս կը բոլորէ  բուժման փուլ մը  եւ սակայն առաջիկայ օրերուն  ան  կարիքն ունի   վիրահատման երկրորդ եւ կարեւոր       վիրաբուժական    գործողութեան։

Այս օրերուն անոր վիճակը  կայուն է, սակայն  դժուարին փուլերէ անցած Յովսէփը  կարիքն ունի  նիւթական նեցուկ,  որպէսզի կարողանայ  ամբողջապէս բուժուիլ ու շարունակել իր բնականոն կեանքը։

Անոր խումբ մը բարեկամները  նախաձեռնած են Յովսէփին    դրամական օգնութիւն   հաւաքելու գործին ու այդ  առումով ալ    այն անհատները,  որոնք  պատրաստ են     այդ  նեցուկը  կատարելու   հարկ է կապուին  պէյրութահայ    տիար  Վիգէն Արթինեանին (հեռ. 0037494 360632)։