Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութիւն Կազմակերպութեան ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանն այսօր այցելած է Պոլսոյ Պատրիարքարան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Սարգսեան եւ անոր ընկերակից ՝ Նաղաշ Հակոբեան մասնակցած են Թոբքաբու շրջանի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի 200-ամեակի միջոցառումներուն։
Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ եկեղեցւոյ կողքը տեղի ունեցած սիրոյ սեղանի արարողութենէն ետք Սարգսեան Տ. Սահակ Բ.ն Պատրիարքին հետ բարձրացած է Պատրիարքարան, ուր յաւուր պատշաճի ընդունելութեան արարողակարգէն ետք Պատրիարք հօր յանձնած է ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի շնորհաւորագիրը կապուած նոր Պատրիարքի ընտրութեան։
Յիշեցնենք, որ Սահակ Սարգսեան 2019 թուականի յունուարէն ասդին կը վարէ Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչի պաշտօնը եւ ան փոխարինած էր Արսէն Աւագեանը։
Լուսանկարը ՝ համացանցէն։