image
Հրատապ լուրեր:

«Մեր տառապանքը կ՚օգտագործուի օտար երկիրներու եւ խորհրդարաններու կողմէ» Սահակ Բ.ն Պատրիարք

«Մեր տառապանքը կ՚օգտագործուի օտար երկիրներու եւ խորհրդարաններու կողմէ» Սահակ Բ.ն Պատրիարք

Պոլսոյ նորընտիր պատրիարք Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը քննադատած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող ԱՄՆ Ծերակոյտի բանաձեւը։ Թրքական «Սապահ» թերթի հետ զրոյցի ժամանակ Մաշալեանը բանաձեւը որակած է «անբարոյական քայլ, քանի որ այն ուղղուած է Թուրքիոյ Հայկական հարցի շուրջ անկիւն քշելուն»:

«Նման բաները պէտք չէ լուրջ ընդունիլ։ Ոչինչ կայ, որ ուղղակիօրէն կը վերաբերի մեզ, որուն մենք պէտք է ներգրաւուած ըլլանք»,- ըսած է ան ԱՄՆ Սենատի կողմէ հինգշաբթի միաձայն հաւանութեան արժանացած բանաձեւի վերաբերեալ:

«Որպէս հայ՝ մենք վշտացած ենք, որ այն տառապանքը, որ տեղի ունեցած է այս հողերուն վրայ 100 տարի առաջ, կ'օգտագործուի օտար երկիրներու խորհրդարաններու կողմէ որպէս ռազմավարական, տնտեսական, քաղաքական ճնշման գործիք»,- ըսած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքը:

«Մենք այն անպատեհ կը համարենք մեր նախնիներու նկատմամբ»,- ըսած է ան։

Մաշալեանը յոյս յայտնած է, որ Թուրքիոյ ժողովուրդը ինքը կը կարողանայ լուծել այս հարցը, եւ Թուրքիան ու Հայաստանը կը կարողանան բարելաւել յարաբերութիւնները։

«Երբ երկու կողմերը չեն կրնար խօսիլ, խոօսելու իրաւունքի կը յաւակնին երրորդ կողմերը, չորրորդ կողմերը, անոնք, որոնք արտասահման են,- ըսած է պատրիարքը:- Այդ բոլոր հարցերը մենք պէտք է լուծենք։ Բայց քանի որ այն կը հետաձգուի, կ'օգտագործուի որպէս լծակ Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելու համար»:

«Ես չեմ համարեր, որ այն շատ բարոյական է»,- ըսած է պատրիարքը: