Քիչ առաջ, Գում Գաբուի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն բարձրացաւ սպիտակ ծուխը: Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեց Պոլիս գտնուող մեր թղթակիցը:
Մեր թղթակիցը նաեւ նշեց, որ ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ, Տէր Սահակ Եպս. Մաշալեան ընտրուեցաւ Պոլսոյ պատրիարք:
Նշենք նաեւ, որ Սահակ Եպս. Մաշալեանի օգտին քուէարկած են՝ 102, իսկ Արամ Արք. Աթէշեանի օգտին քուէարկած են 16 պատգամաւորներ, իսկ մէկ քուէ՝ անվաւեր:
Յիշեցնենք, որ տասը տարի թափուր մնալէ ետք, Պոլսոյ պատմական աթոռը ունեցաւ իր գահակալը եւ Սահակ Եպս. Մաշալեան դարձաւ Պոլսոյ 85-րդ պատրիարքը: