image

Ընթացք առաւ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւնը (Լուսանկար)

Ընթացք առաւ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւնը (Լուսանկար)

Պոլսոյ Գում Գաբուի Ս. Աստուածածին աթոռանիստ տաճարին մէջ քիչ առաջ ընթացք առաւ Պոլսոյ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը: Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեց Պոլիս գտնուող իր թղթակիցը:

Մեր թղթակիցը նաեւ նշեց, որ այնտեղ են նաեւ կրօնական, ինչպէս նաեւ աշխարհական՝ Պոլսոյ 31 շրջանները ներկայացնող 119 պատգամաւորները եւ ժողովը, ինչպէս միշտ, կը կատարուի դռնփակ:

Այս պահուն ընթացքի մէջ եղող ժողովը նախ պիտի ընտրէ կրօնական ժողովի անդամներ, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը:

Յիշեցնենք, որ 10 տարուան թափուր շրջանէ մը ետք, այսօր պոլսահայութիւնը եւ հայութիւնը առհասարակ պիտի ունենայ իր նորընտիր պատրիարքը, համալրելով Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռները:

Նշենք նաեւ, որ «Արեւելք» պիտի շարունակէ հետեւիլ Պոլսոյ մէջ ընթացող յառաջիկայ զարգացումներուն: